2017-06-20 12:34:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Իվան Տիասը. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ին, Պոմպէյի արքեպիսկոպոսարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ նշեց թէ երեկ` 19 յունիս 2017-ին, 81 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Ժողովուրդներու աւետարանցաման ժողովի երբեմնի կառավարիչ ու հնդկաստանի Պոմպէյի Արքեպիսկոպոս կարդինալ՝ Ւվան Տիասը։ 

Ան ծնած էր Մումպայի քաղաքին մէջ 1936-ին , քահանայ  ձեռնադրուած էր 8 դեկտեմբեր 1958-ին

20 մայիս 2006-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին կողմէ նշանակուած է ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովին կառավարիչ, որ պաշտօնավարած է մինչեւ 10 մայիս 2011-ին։

Ի լուր Կարդինալ Ւվան Տիասի մահուան Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիրի մը մէջ  յիշեց ննջեցեալ ''բարի եւ իմաստուն'' հովիւը ու անոր տուած սատարը ի սպաս Ալպանիայի կարիքաւոր եկեղեցւոյ վերաշինութեան ինչպէս նաեւ անոր միսիոներական նուիրումը` որպէս Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ։

Ծիրանաւորին յուղարկաւորութեան  արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 յունիս 2017-ին յետմիջօրէի 3,00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ,  նախագահութեամբ կարդինալական դասին աւագերէց կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին։  Ֆրանչիկոս Պապը  պիտի գլխաւորէ Թաղման կարգը։

Նշենք թէ ննջեցեալ կարդինալին մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ ընդհանուր 220 ծիրանաւորներ, որոնցմէ  116-ը քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ եւ 104 առանց իրաւունքի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.