2017-06-20 08:21:00

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն վերջին դէպքերուն վերաբերեալ


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յունիսին Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճան այցելութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ համանախագահներու այցելութեան հիմնական նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ 28 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նախարարական հանդիպումէն ետք կողմերու դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ տագնապի գօտիին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը քննարկելն էր:

«Համանախագահները Երեւանի մէջ հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի (10 յունիս) եւ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի (19 յունիս) հետ: Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ անոնք խորհրդակցութիւններ ունեցան արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ: Համանախագահները մեկնեցան Լեռնային Ղարաբաղ (12 յունիս)` հանդիպելու «տէ ֆաքթօ» իշխանութիւններուն հետ եւ այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ շարք մը շրջաններ, որոնց շարքին Զանգելանի, Կուբաթլուի, Լաչինի եւ Քարվաճառի շրջանները: Պաքուի մէջ անոնք նաեւ հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

«Պաքուի մէջ իրենց բանակցութիւններուն ընթացքին համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած են զինադուլի դրութեան խախտման վերջին դէպքերուն առնչութեամբ, որոնք Ազրպէյճան կատարելիք իրենց այցելութեան նախօրեակին շփման գիծին վրայ կորուստներու պատճառ դարձած են: Անոնք դիմած են Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` խուսափելու հետագայ լարումէն:

«Համանախագահները նոյն ուղերձը կը յղեն Հայաստանի ղեկավարներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի «տէ ֆաքթօ» իշխանութիւններուն: Անոնք կը խրախուսեն կողմերը ձեռնարկելու միջոցներու, որոնք պիտի նուազեցնեն լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջազգային սահմանին:

«Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են բարեխղճօրէն եւ քաղաքական կամք ցուցաբերելով վերաներգրաւուելու բանակցութիւններուն մէջ:

«Անոնք ընդգծած են, որ ասիկա միակ եղանակն է, որուն միջոցով կարելի է բերել տեւական խաղաղութիւն շրջանի ժողովուրդներուն, որոնք կ’ակնկալեն եւ արժանի են յառաջընթացի ու տագնապի լուծման:

«Նախագահները արտայայտած են իրենց մտադրութիւնը վերսկսելու քաղաքական երկխօսութիւնը` նպատակ ունենալով գտնել փոխզիջումային լուծում կարգաւորման ամէնէն վիճայարոյց հարցերուն համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համանախագահները 3 յուլիսին պիտի այցելեն Վիեննա` այցելութեան մասին տեղեկութիւն ներկայացնելու Մինսքի խմբակի անդամներուն: Անոնք նաեւ կը ծրագրեն շուտով դարձեալ հանդիպիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` քննարկելու յառաջիկայ աշխատանքին ձեւաչափերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.