2017-06-19 13:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան)  Յիսուս Մարմնի եւ արեան տօնին առթիւ, կիրակի, 18 յունիս 2017-ի երեկոյեան 7-ին, Լատերանի  Սուրբ Յովհաննէսի անուան մայր տաճարին հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որմէ ետք գլխաւորեց Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրին՝ որ Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայէն ուղղուեցաւ  դէպի Տիրամօր նուիրած Մարիա Մաճճորէ տաճար։

Սուրբ պատարագի ընթացքին  արտասանած քարոզին մէջ  Սրբազան Հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց  Սուրբ գրային ընթերցումներուն մէջ յաճախ կրկնուած ''յիշատակ'' բառին վրայ։ 

Այսօրուան Աստուածային խօսքը  իւրաքանչիւրիս կ՝ըսէ  ՝՝յիշէ՝՝ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւեցնեցլով որ, յիշատակումը էական է հաւատքին համար,  այնպէս ինչպէս  ջուրը էական բոյսին` որ չի կրնար  ապրիլ եւ պտուղ տալ առանց  ջուրի,  այնպէս   ալ հաւատքը եթէ չ՛արբենայ յիշատակէն` թէ ինչ ըրաւ Տէրը մեզի համար։

՝՝Յիշէ Յիսուս Քրիստոսը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ դիտել տալով որ յիշատակումը ,մեզի թոյլ կու տայ Սիրոյ մէջ մնալու,  վերյիշելու՝ այսինքն մեր սրտին մէջ կրելու,  եւ չմոռնալու Ան որ մեզ կը սիրէ եւ ան որուն համար կանչուած ենք սիրելու ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ժամանակակից աշխարհի դժուարութիւններուն, ուր ամէն ինչ արագընթաց կ՝ընթանայ, ուր ամէն օր մխրճուած ենք անթիւ նորութիւններու եւ աղքատ յիշատակներու մէջ։  Ան զգուշացուց մակերեսային  կեանք ապրելէ, արարքներու հոսանքներու մէջ մխրճուելէ, մոռնալով  թէ ով ենք եւ ուր կ՝երթանք։

Սակայն ըսաւ Ֆրաչնիսկոս Պապ այսօրուան տօնակատարութիւնը, մեզի յիշել կու տայ որ բեկորուած կեանքին մէջ,  Յիսուս մեզի դէմ յանդիման կու գայ, սիրալիր դիւրաբեկութեամբ,  որ է Սուրբ Հաղորդութիւնը։

Կեանքի հացին մէջ Յիսուս կու գայ մեզի այցելելու, հեզ սնունդ դառնալով, որ սիրոյ միջոցաւ կը դարմանէ մեր յիշողութիւնը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը,  Աստուծոյ սիրոյ յիշատակն է։ Հոն կը յիշատակուի Անոր չարչարանքը, Անոր՝ մեզի հանդէպ սէրը,  որ է մեր ուժը ու մեր ուղեւորութեան զօրակցութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ ահա ինչու Սուրբ Հաղորդութեան յիշատակումը, մեզի շատ կը հանգստացնէ.  ան վերացական, միապաղաղ յիշատակ մը չէ,  այլ Աստուծոյ սիրոյ  կենդանի ու մխիթարար յիշատակն է։

Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզի յիշել կու տայ նաեւ,  որ անհատներ չենք այլ մարմին մը։ Ւնչպէս ժողովուրդը անապատին մէջ երկինքէն իջած մանանան կը հաւաքէր եւ ընտանիքն մէջ կը բաժնեկցէր, այսպէս Յիսուս՝ Երկնաւոր հացը, մեզ կը ժողովէ,  զինք ստանալու եւ մեր միջեւ կիսելու։ Սուրբ Հաղորդութիւնը միութեան խորհուրդն է, որ ով զայն կ՝ընկալէ, չի կրնար ըլլալ՝ եթէ ոչ միութեան արուեստագէտ, որովհետեւ անոր հոգեւոր բնութեան մէջ կը ծնի միութեան կառուցումը։

Թող որ այս միութեան հացը մեզ բուժէ ուրիշներուն գերիշխելու տենչէն, անհամաձայնութիւններ ծագեցնելէ եւ վէճեր սփռելէ ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ քարոզին աւարտին հայցելով որ այդ միութեան հացը մեր մէջ ծագեցնէ ուրախութիւնը, իրար սիրելու իղձը առանց մրցակցութեան, առանց նախանձի եւ առանց չարախօսութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.