2017-06-19 10:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Փախստականները ընկալենք առանց վախի''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 յունիս 2017-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեց թէ միւս օր (20 յունիսին) կը նշուի ՄԱԿ-էն հաստատուած ''փախստականներու միջազգային օրը'' որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Փախստականներուն հետ''։

''Այսօր աւելի քան երբեք պէտք ենք փախստականներու կողքին կանգնիլ'' ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ուշադիր ըլլալ կիներուն, մարդոց ու մանուկներուն որոնք փախուստ կու տան պատերազմներէն­, բռնութիւններէն ու հալածանքներէն ինչպէս նաեւ աղօթել բոլոր անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին մինչ կը ձգտէին աւելի լաւ կեանքի։

Անոնց տառապանքի եւ յոյսի պատմութիւնները կարող են դառնալ հանդիպումի հնարաւորութիւն­, որուն միջոցաւ վախը կարող է անհետանալ ու կարող ենք աճիլ մարդկայնականութեամբ ու առիթ ստեղծել բացուածքի զգացումներու ու կամուրջներու կառուցման - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.