2017-06-19 09:25:00

Փորթուկալի մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր։


«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փորթուգալի ներքին գործոց նախարար Խորխէ Կոմեսը, կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով արձանագրուած է 62 զոհ:

Փորթուգալական կառավարութիւնը երկրին մէջ կիրակիէն մինչեւ երեքշաբթի սուգ յայտարարած է: Կը հաղորդուի, որ շաբաթ օր սկսած հրդեհին դէմ պայքարող 700 հրշէջներուն միացած է 360 զինուոր:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ասիկա վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամէնէն շատ զոհեր պատճառած  աղէտն է Փորթուգալի մէջ, ուր ամրան տաք եւ չոր ամիսներուն յաճախ կը բռնկին անտառային հրդեհներ:

Հրդեհը ծագած է Փետրոկան-Կրանտի բնակավայրին մէջ` մայրաքաղաք Լիզպոնէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:  Կը հաղորդուի, որ հրդեհը ծագած է, երբ կայծակ մը հարուածած է ծառ մը: Տաք եւ չոր եղանակին եւ հովին պատճառով կրակը արագօրէն տարածուած է մերձակայ անտառային տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ` մօտակայ բնակավայրերուն մէջ:

Զոհերուն մեծամասնութիւնը մահացած է իր ինքնաշարժին մէջ` հրդեհի գօտիէն փախուստի փորձի ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.