2017-06-19 10:42:00

Հալածուած քրիստոնեաներու համար աղօթքի երեկոյ ''Բաց դռներ'' հաստատութեան նախաձեռնութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) “Open doors – բաց դռներ” հալածուած ու հարստահարուած քրիստոնեաներու ի նպաստ գործող մարդասիրական կազմակերպութիւնը, անցեալ շաբաթ 17 Յունիսին, Հոլանտայի մէջ կազմակերպեց աղօթքի երեկոյ մը նուիրուած հալածուած քրիստոնեաներուն։

''Ձեռնարկի ընթացքին վկայութիւններ ներկայացուեցան աշխարհի զանազան վայրերու մէջ քրիստոնեաներու դէմ կիրարկուած հալածանքներու մասին եւ ի յայտ եկաւ թէ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները աճումի մէջ են ու թէ աղօթքը` այսօր աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է, թիկունք կանգնելու համար  հալածուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն'' դիտել տուած է կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուներէն մին որ ապա նշած է թէ աղօթքները տեղի ունեցան­, ըլլայ հաւաքական ըլլայ անհատական կերպով. Արդարեւ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց տուներու դռները բացին ու խմբային աղօթքներ կատարեցին հիմնուելով “Open doors” ընկերակցութեան անոնց տրամադրած աղօթագրքերու վրայ։

Նշենք թէ “Open doors” մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծնունդ առած է 1955-ին­, նպատակ ունենալով թիկունք կանգնիլ հալածուած քրիստոնեաներուն­, յատկապէս  համայնավար երկիրներու, Չինաստանի,­ Միջին Արեւելիքի ու կեդրոնական Ամերիկայի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.