2017-06-17 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Գերմանիոյ Վարչապետին հետ հանդիպում. հաղորդագրութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 յունիս 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ այսօր՝ առաւօտուն, Վատիկանի Առաքելական  պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին, որմէ ետք վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարիդնալ Փիեթռօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Կալլեկերի։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած, թէ  սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումի ընթացքին ի յայտ դրուած է երկողմանի բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Գերմանիայի միջեւ կայացող արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։

Քննարկուած են երկուստեք հետաքրքրող հասարակաց հարցեր, եւ յատուկէն անդրադարձ կատարուած է  յառաջիկային Համպուրկ քաղաքին  մէջ կայանալիք աշխարհի 20 հզօր երկիներու ժողովի մասին, համաձայնութիւն գոյացնելով թէ կարիքը կայ միջազգային ընտանիքի յատուկ պատասխանատուութեան, դիմագրաւելու համար աղքատութիւնն ու անօթութիւնը, համաշխարհային ահաբեկչական  սպառնալիքները  եւ կլիմայի փոփոխութիւններու հարցերը։

Ապա յատուկէն յիշուած է Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլը, որ իր մահկանացուն կնքեց՝ երեկ, ինչպէս   անոր անխոնջ աշխատանքը  Եւրոպայի եւ գերմանիոյ միութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.