2017-06-16 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 յունիսի քարոզը. ՝՝Աստուծոյ զօրութիւնը կը փրկէ տկարութենէն եւ մեղքերէն՝՝։


Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Ֆրանիչկսոս Պապի արտասանած քարոզին առանցքը  եղաւ , օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն քաղուած Սուրբ Պօղոս առաքեալի  Կորնթացիներուն ուղղած խօսքը , ՝՝բոլորս  խեցեղէն անօթի մէջ պահուած գանձ ենք'' ։

Սրբազան Հայրը յարեց թէ ոչ մէկը կարող է իր անձը փրկել.  Փրկուելու համար՝ բոլորս կարիքը ունինք Աստուծոյ զօրութեան, ապա յորդորեց իրազեկ դառնալ եւ ընդունիլ  թէ  բոլորս դիւրաբեկ ենք, մեղաւորներ եւ ցեխէ շինուած էակներ ,  յիշել տալով որ  առանց Աստուծոյ զօրութեան, չէ կարելի յառաջ ընթանալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ ''ամէնքս խոցելի ենք, դիւրաբեկ ու տկար, ու թէ բոլորս կարիքը ունինք բժշկուելու'' ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօպոս բոլորս յոգնած ու բեռնաւորուած ենք, հալածուած, ու թիրախ մեր տկարութեան....''։ Յաճախ կը փորձենք  ծածկել կամ խեղաթիւրել մեր այդ տկարութիւնը որպէսզի  չտեսնուի ։ Սուրբ  Պօղոս արդարեւ կը յանձնարարէ ''Մերժել ամօթի ծածկամտութիւնը'', որովհետեւ այս մէկը կեղծաւորութեան նշան է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ կայ նաեւ կեղծաւորութիւն մը մեր անձին նկատմամբ  հանդէպ , որ կը տանի դէմ սնապարծութեան , ինքնահաւանութեան,  կարծելով թէ մեր փրկութիւնը կը կայանայ լոկ մեր անձերուն մէջ, ու թէ կարիքը չունինք բժշկուելու։  

Սակայն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ լոկ Աստուծոյ զօրութիւնն է որ կարող է մեզ ազատել ու այս առնչութեամբ  ընդգծեց թէ ամօթխածութեան զգացումն  է,  որ  կ՝ընդլայնէ մեր սիրտը՝  որպէսզի Աստուծոյ այդ զօրութիւնը կարենայ հոն մուտք գործել։   Աստուած մեզի միշտ յոյս կը ներշնչէ  յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ միայն երբ հասկնանք եւ ընդունինք մեր տկարի իրավիճակը` Աստուծոյ արտակարգ զօրութիւնը մեզի պիտի պարգեւէ լիութիւնը, երջանկութիւնն ու ազատագրուած ըլլալու ուրախութիւնը'' ընդունելով Տիրոջ ''գանձը''։  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.