2017-06-16 07:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''կաշառառութիւնը խլիրդ մըն է որ կը սպաննէ մարդն ու ընկերութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մաֆիաներու'' բնական ոճ, մահացու գործընթաց մը, որ կ՛ընդհատէ մարդոց միջեւ համակեցութիւնը, նպաստելով յանցագործութեան եւ ի վերջոյ կը կործանէ զայն գործադրողները''։ Այս բոլորը կը ներկայացնեն կաշառառութիւնը­, ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին որ ''“Corrosione - կաշառառութիւն” վերտառութեամբ`Կարդինալ Թուրքսոնի լոյս տեսած գիրքին նախաբանին մէջ կը խօսի ընկերային այս ախտի մասին։

Նորին Սրբութիւնը որպէս մեկնակէտ կ՛ընդգծէ մարդկային կեանքը յատկանշող երեք յարաբերութիւններ. Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, մերձաւորին հետ յարաբերութիւնը եւ կենսոլորտին հետ յարաբերութիւնը։ Երբ մարդը ազնիւ ու արդար է, այդ յարաբերութիւնները կ՛ապրի մեծ պատասխանատուութեամբ ի շահ հասարակաց բարիքին։ Մինչ հակառակը, երբ ան կաշառառու կը դառնայ, անկումի մէջ կը գտնուի, եւ հակա-ընկերային իր այդ վարքով կը խախտէ յարաբերութիւններու վաւերականութիւնը''։

''Կաշառակերը գարշահոտ եւ ապականած սիրտ մը ունի։ Կաշառակերութիւնն ալ հայհոյանքի մէկ ձեւն է, Մաֆիաներու զէնքն ու ոճն է, մահացու գործընթաց մը` որ կը յառաջացնէ մահուան մշակոյթ'', կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ ինչպէս, ժամանակակից աշխարհի մէջ, այդ ախտը կը վտանգէ նաեւ` բարեփոխումի մը կարելիութեան յոյսն ու ձգտումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը զգուշացնէ նաեւ Եկեղեցին չ՛իյնալու աշխարհի հոգեւորականութեան մէջ, կեղծաւորութեան գաղջութեան մէջ, անտարբերութեան զգացումին մէջ, հուսկ կ՛ակնարկէ գեղեցկութեան, վայրերու գեղեցկութեան, մատնանշելով Վատիկանին` վայրին որտեղէն կը գրէ, հաստատելով թէ գեղեցկութիւնը որպէս կեդրոն կ՛ընտրէ մարդ արարածը ու թէ այդ գեղեցկութիւնը զօդուելու է արդարութեան եւ ասոր համար կաշառակերութիւնը պէտք է լաւապէս ըմբռնուի ու դատապարտուի, որպէսզի գերիշխէ ողորմութիւնը։

''Կաշառառուն չի յիշեր ներողութիւն հայցել որովհետեւ յոգնած ու յագեցած է, անտարբեր է ու ինքնապաշտ։ Եկեղեցին եւ քրիստոնեաները, եւ նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաները, կարող են միանալ որպէս ''ձիւնի փաթիլներ'' արտադրելու համար նոր մարդկայնականութեան ձիւնակոյտ մը'' կը գրէ Սրբազան Պապը` Կարդինալ Թուրքսոնի հրապարակած գիրքին նախաբանին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.