2017-06-16 09:49:00

Վերագտնուեցաւ Տոն Պոսքոյի գողցուած մասունքը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով ու մեծ ուրախութեամբ ընկալեցի Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի մասունքի յայտնաբերումի լուրը։ Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ ոստիկանութեան որ անխոնջ գործ տարաւ վերագտնելու համար մասունքը եւ արդարութեան յանձնելու գողութեան պատասխանատուն։ Թող որ Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոն ներէ այդ անձը ու անոր սրտին մէջ զղջումի զգացումը արթնցնէ որպէսզի ան  խաղաղութիւն ու սրտի անդորրութիւն գտնէ ու վճռէ այլեւս նման գործեր չի կատարել'',  այս խօսքերով  է որ` Թորինոյի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Չեզարէ Նոզիլիա արտայայտուեցաւ, ի լուր 13 օրեր առաջ գողցուած Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի մասունքի յայտնաբերումին, Իտալիոյ ներքին ապահովութեան ''Քարապինիերի'' անուան զինուորականներու կողմէ, որոնք ձերբակալեցին նաեւ 42 ամեայ գողը։

Անցեալ 2 Յունիսի երեկոյեան Քասթելնուովօ Պազիլիքայէն գողցուած Տոն Պոսքոյի մասունքը այժմ պիտի վերադառնայ իր վայրը եւ գերապայծառ Նոզիլիա կը մաղթէ որ աշխարհի բոլոր պատանիները հետեւին Տոն Պոսքոյի ուսուցումին ու անոր բարութեան եւ ողորմութեան օրինակին, նոյնիսկ անոնց նկատմամբ որոնք չար գործեր կը կատարեն, որովհետեւ, հաստատած է գերապայծառ Նոզիլիա` ''Յիսուսն է որ մեզի սորվեցուց այսպէս ընել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.