2017-06-15 09:48:00

Կիպրոսի նախագահը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան։


Յունիս 14 -ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Նիկոս Անասթասիատիս։ Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի Արտաքին, Ներքին, Տնտեսութեան եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը։ Նորին Սրբութեան կողքին ընդունելութեան ներկայ էին Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան,  Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Ներկայ էին նաեւ պետական երկու Նախարարներ՝ Աւետիս Կիտանեան (Զբօսաշրջութեան Նախարար) եւ Ժան Օղասափեան (Կնոջական Հարցերու Նախարար), եւ երեսփոխաններ՝ Յ. Բագրատունի, Արթիւր Նազարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն Սարգիսեան եւ Վիգէն Գասապեան, հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ՝ Մարտիրոս Ժամկոչեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Յ. Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) եւ Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.)։

Ողջունելով նախագահին ներկայութիւնը` Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Պատմական կապեր ունեցած են մեր երկու ազգերը, եկեղեցիները եւ երկիրները։ Այդ կապերը աւելի շեշտուեցան Կիլիկեան շրջանին, յատկապէս քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս» յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը։ «Մեր երկու ժողովուրդներուն գործակցութիւնը տնտեսական շահերու վրայ չէ հիմնուած, այլ հաւաքական արժէքներու, սկզբունքներու եւ ձգտումներու վրայ հիմնուած է» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ապա, ան յայտնեց, որ մենք հաւաքական դատ ունինք. Կիպրական Դատ եւ Հայ Դատ։ «Այս երկու դատերը նոյն նպատակը ունին՝ արդարութիւն, եւ նո՛յն հասցէն՝ Թուրքիա։ Ցեղասպան նոյն Թուրքիան մեր երկու ժողովուրդները ջարդած է եւ արմատախիլ դարձուցած իր հողերէն։ Մենք պիտի շարունակենք միասին աշխատիլ միջազգային ընտանիքէն ներս, որպէսզի արդարութիւն կատարուի մեր երկու ժողովուրդներուն», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ողջունեց Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական ու դիւանագիտական կապերը։ Հուսկ, Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Նախագահին Կիպրոսի հայ համայնքին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ինչպէս իր նախորդներուն, նաեւ Նախագահին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք, աւելի պիտի ամրապնդէ մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական բարեկամութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, Հայրապետը արծաթապատ կողքով «Նարեկ» մը նուիրեց Նախագահին։

Կիպրոսի Նախագահը իր կարգին խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս։ Ան անդրադարձաւ յոյն եւ հայ ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի միջեւ զարգացող գործակցութեան։ Նախագահը յիշեց իր կատարած այցելութիւնը Հայաստան եւ Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի այցելութիւնը՝ Կիպրոս։ Պրն. Նախագահը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերը միջ-կրօնական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ իր ցուցաբերած զօրակցութիւնը կիպրական հարցին։ Ան ձայնակցելով Նորին Սրբութեան՝ շեշտեց, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները նոյն դատը ունին եւ պէտք է շարունակեն իրենց գործակցութիւնը։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ու Նախագահը, ներկաներուն հետ միատեղ, ուղղուեցան Մայրավանքէն ներս գտնուող Սրբոց Նահատակաց մատուռ։ Այնտեղ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք մը արտասանեց մեր սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն առջեւ, եւ յիշեցուց Պրն. Նախագահին, որ նահատակաց աճիւնները բերուած են Տէր Զօրէն, եւ թէ այս մատուռը նահատակներուն նուիրուած աշխարհի առաջին յուշարձան-մատուռն է՝ կառուցուած 1938 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.