2017-06-14 09:53:00

Վիրահայ երիտասարդը դարձած է ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչ


Վրաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան «ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտաասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագիրին յաղթող ճանչցուած է թիֆլիսահայ Գիորգի Տումասեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

21 մասնակիցները անցած են երեք նախընտրական փուլ: Երրորդ փուլ անցած մասնակիցները յանձնաժողովին առջեւ ներկայացուցած են հանրային ելոյթ` «Challenges facing youth on national and international level — similarities and differences» թեմայով: Յաղթողը ընտրուած է միաւորները ամփոփելէ ետք:

Վրաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ՝ արդէն քանի մը տարի է յաջողութեամբ կ՝իրականացնէ «ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչը» ծրագիրը:

Երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու ծրագիրը կը համարուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յաջող նախաձեռնութիւններէն մէկը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովը 1981-ին, առաջին անգամ, կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն, երիտասարդ պատուիրակները ընդգրկելու երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւններու կազմէն ներս:

Ընտրուած մասնակիցը երիտասարդներու հետ կ՝իրականացնէ խորհրդատւութիւններ, հանդիպումներ: Քիչ անց, երիտասարդութեան ներկայացուցիչը կը մեկնի ՄԱԿ-ի գլխամասային գրասենեակ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), ուր, իբրեւ Վրաստանի պատուիրակութեան լիիրաւ անդամ, կը մասնակցի Գերագոյն վեհաժողովի երրորդ կոմիտէի ձեռնարկին եւ կոմիտէի լսումներուն, խօսքով ելոյթ կ՝ունենայ նոյն կոմիտէի նիստին եւ կը մասնակցի երիտասարդութեան մասին որոշումներու մշակման: Երիտասարդութեան ներկայացուցիչը կրնայ մասնակցիլ նաեւ տնտեսական եւ հասարակական խորհուրդի հասարակական զարգացման յանձնաժողովի նիստերուն:

2012-2016թթ. ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներն են. Գիորգի Ճեխանին, Թորնիգէ Զուրապիշվիլին, Լաշա Շաղուլաշվիլին, Մարիամ Սիխարուլիձէն, Թաթիա Տոլիձէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.