2017-06-14 14:25:00

Խորհրդատու Ինը Կարդինալներու 20-րդ նիստի մասին մամլոյ ասուլիս։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 14 Յունիս 2017-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Կրէկ Պուրքը, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողներուն ներկայացուց

Ինը Խորհրդատու Կարդինալներու 20-րդ նիստի մասին տեղեկութիւններ, նշելով թէ Ինը կարդինալներու 20-րդ ժողովի նիստերը տեղի ունեցան 12 – 14 Յունիս 2017-ին, որուն ներկայ գտնուեցան 8 կարդինալներ, բացակայութեամբ Պոսթոնի կարդինալ` Սին Օ Մալլէյին։

Կրէկ Պուրք տեղեկացուց թէ Կարդինալական վերոնշեալ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հռոմի Քուրիայի վերակազմակերպումի հայող հարցեր, յատկապէս խորացնելով որոշ բաժանմունքներու գործունէութեան փոխադրումը տեղական եկեղեցիներու եպիսկոպոսական  համահաւաք դասի հսկողութեան տակ, ինչպէս է պարագան կղերի ժողովին։  Անոնք ապա քննարկեցին Աւետարանութեան Ժողովի վերակազմակերպումի հայող հարցեր ինչպէս նաեւ առաջարկներ ներկայացուեցան հայող` Միջ-կրօնական երկխօսութեան խորհուրդին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին եւ առաքելական դատարաններուն։

Կարդինալ Փել ժողովականներուն ներկայացուց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան գործընթացքի մասին զեկոյց մը, նոյնպէս ըրաւ նաեւ` գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոն տեղեկագիր մը ներկայացնելով Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան բարենորոգումներու գործընթացքի մասին։

Խորհրդատու ինը կարդինալներու յաջորդ նիստը նախատեսուած է 11,12 եւ 13 սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.