Լոնտոնի արևմտեան հատուածին մէջ խոշոր հրդեհ մը բռնկուած է 27 յարկանի ''Grenfell
Tower'' բնակելի աշտարակին մէջ։
Ըստ The Guardian թերթին, կրակը ամբողջութեամբ այրած է կառոյցը: Յայտնի է, որ հրդեհը
մարելու գործողութեան համար ներգրաւուած են 200-էն աւելի հրշէջներ: Ըստ նախնական տուեալներուն
հրդեհի պատճառներէն մին կարող է ըլլալ 4-րդ յարկի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնը:
Հրշէջներու ներկայացուցիչի խօսքով` իրենք ջանացած են ազատել բնակիչներուն մէկ մասը,
սակայն շատերը տակաւին կը գտնուին թակարդի մէջ: Աղբիւրի համաձայն աշտարակին մէջ կան
120 բնակարան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |