2017-06-14 10:04:00

Ֆրանչսիկոս Պապ. ''Փոխելու համար դժբախտ սիրտ մը, հարկ է նախ եւ առաջ ողջագուրել զայն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 Յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, աւանդութեան համաձայն, հրապարակին ունկնդրութիւն  շնորհեց Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց սիրուած զաւակներու` որոշակի յոյսի մասին։

Նախ քան հրապարակ ժամանելը Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հակիրճ հանդիպում ունեցաւ այդ վայրէն հրապարակային ունկնդրութեան հետեւող հիւանդներուն ու անոնց ընկերացող անհատներուն հետ, անոնց հաղորդելով թէ ` տաքի պատճառաւ է որ անոնք այդ վայրէն պիտի հետեւին հրապարակային ունկնդրութեան, ապա հրաւիրեց որ ունկնդրեն իր արտասանելիք խօսքերը, հաստատելով թէ հակառակ երկու վայրերու մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութեան, եկեղեցին միացած կը մնայ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին է որ կը միացնէ զայն ու հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի աւելիով միացնէ մեզ բոլորս, ու միասնաբար աղօթեցին ''Եկ Սուրբ Հոգի'' աղօթքը։

Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն բարձրացաւ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժ (papamobile) եւ ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը` ուր հաւատացեալներու միջեւ շրջան կատարելէ ետք, հրապարակի վրայ զետեղուած կեդրոնական ամպիոնէն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը` որուն մէջ ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս,

մեզմէ եւ ոչ մէկը կարող է ապրիլ առանց սիրոյ։ Մի գուցէ ժամանակակից  մարդուն անձկութիւնը  կը բխի այն համոզումէն թէ եթէ զօրաւոր, հրապուրիչ ու գեղեցիկ չ՛ըլլայ` արժանի չէ ուրիշներու հետաքրքրութեան, առ այդ բազմաթիւ մարդիկ կը ջանան ձգտիլ տեսանելիութեան պարզապէս  ներքին պարապութիւն մը լրացնելու համար ։

Աշխարհ մը` ուր ամէն ոք կը մուրայ ուրիշին ուշադրութիւնը եւ ոչ մէկը տրամադիր է ձրիաբար սիրելու այլ անձ մը  անմարդկային է։

Ամէն մէկ անհասկնալի վարուելակերպի ետին կարող է թաքնուիլ առանձնութեան զգացումը։ Եւ երբ այն անձը երախայ մըն է, որ ինքզինք մերժուած կը զգայ, այդ ժամանակն է որ կարող է ծնունդ առնել բռնութիւնը իր զանազան երեւոյթներու ընդմէջէն։ Ընկերային   ատելութեան բազմաթիւ զգացումներու ետին յաճախ կը գտնենք սիրտ մը որ ժխտումներու հանդիպած է։ Չկան չար մանուկներ, այնպէս ինչպէս չկան գէշ անչափահասներ, այլ կան ապերջանիկ անձեր։ 

''Ի՞նչն է որ մեզ երջանիկ կը դարձնէ եթէ ոչ ընկալուած եւ նուիրուած սիրոյ փորձառութիւնը'' ։ Մարդ արարածի կեանքը հայեացքներու փոխանակում է, մէկ մը ինծի կը նայի ու ինձմէ կը խլէ ժպիտ մը,  մենք ապա ձրիաբար կը ժպտինք անոր որ թաքնուած է իր տխրութեան մէջ­, անոր առջեւ բանալով նոր դուր մը։ 

Առաջին քայլը զոր Աստուած կը մղէ դէպի մեզ` անակնկալ ու անվերապահ սիրոյ քայլն է։ Աստուած չի սիրեր մեզ որովհետեւ մենք անոր սէր կը ներշնչենք. Աստուած կը սիրէ որովհետեւ Ան նոյնինքն Սէրն է, ու սէրը իր բնութեամբ կը ձգտի տարածուելու` նուիրուելու։ 

Սուրբ Պօղոս արդարեւ կը գրէ. ''Աստուած իր սէրը յայտնեց մեզի` քանի որ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար, մինչ մենք տակաւին մեղաւորներ էինք'', մինչ մենք հեռու էինք Անորմէ, անառակ որդիին նման։ Մեր սիրոյն համար Աստուած ինքն իրմէ դուրս եկաւ ու մեզ սիրեց նոյնիսկ երբ սխալներու մէջ կը գտնուէինք։

Ո՞վ է մեր մէջ այն անձը որ կը սիրէ այս ձեւով, եթէ ոչ մեր հայրը կամ մեր մայրը։ Մայր մը արդարեւ իր զաւակը կը սիրէ  նոյնիսկ եթէ սխալ կը գործէ­, նոյնիսկ եթէ մեղաւոր է, ու կը տառապի անոր համար եւ անոր հետ։ Աստուած նոյնը կ՛ընէ մեր հետ, մենք Անոր սիրուած զաւակներն ենք։ Մենք արդարեւ կը գտնուինք Հօր Աստուծոյ աչքերուն առջեւ, որպէս անուշ ջուր ցայտող փոքրիկ աղբիւրներ, ինչպէս յայտնած է Յիսուս Սամարացի կնոջ. ''Ջուրը որ ես պիտի տամ, պիտի ըլլայ աղբիւր ցայտող ջուրի` յաւիտենական կեանքի համար (Յովհ 4, 14)''։

Փոխելու համար դժբախտ անձի մը սիրտը, հարկ է նախ եւ առաջ ողջագուրել զայն։  Սէրը սէր կը ներշնչէ։ Յիսուս չի մեռաւ ու յարութին չառաւ ինքնիրեն համար, այլ մեզի համար, որպէսզի մեր մեղքերը ներուին։ Առ այդ Յարութեան ժամանակն է բոլորին համար. Ժամանակն է վերականգնեցնելու աղքատները յուսալքումէն։ Թող որ մեր դէմքերուն վրայ փչէ ազատութեան քամին։ Թող որ այստեղ ծլի յոյսի պարգեւը։ Ու մեր յոյսը այն է որ Աստուած մեզ կը սիրէ անվերապահօրէն։ Կը սիրէ մեզ բոլորս ըլլանք բարի կամ չար։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու  նորապսակները հրաւիրելով զանոնք հետեւելու Սուրբ Անտոն Փատովացիի օրինակին որուն ծիսական տօնը նշուեցաւ երէկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.