2017-06-13 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Քրիստոնէական վկայութիւնը աղ եւ լոյս է եւ ոչ թէ արուեստական ապահովութիւն՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 յունիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն իրենց մասնակցութիւնը  բերին նաեւ  կարդինալական խորհուրդի 9 ծիրանաւորները։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներուն ուղղուած թուղթէն, Սրբազան Հայրը շեշտ դրաւ Աւետարանի հիմնական պատգամին վրայ քրիստոնեաները խրախուսելով չի փնտռել արուեստական ապահովութիւն այլ ապաւինելու Սուրբ Հոգիին։

՝՝ Այո, աղ եւ լոյս՝՝  աւետարանի երեք բառերն են,  որոնց մասին ակնարկեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով որ սոյն բառերը ցոյց կու տան Աւետարանի ուժականութիւնը,  զոր կ՝առաջնորդէ դէպի  վկայութիւն ու  փառաբանելու զԱստուած

Սրբազան Հայրը նշեց թէ ՝՝Այո՝՝ բառին մէջ կը գտնենք Աստուծո բոլոր  խոստումները, որոնք Յիսուսի մէջ իրականացան։  ՝՝Յիսուսի մէջ միշտ չկայ ոչ բառը այլ  միշտ կայ այոն՝ ի Փառս Աստուծոյ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւեցնելով  որ մենք եւս կը մասնակցինք Յիսուսի սոյն այո-ին, որովհետեւ Ան  մեզ դրոշմեց Սուրբ Հոգիով, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի մեր լիութիւնը, մեզի պիտի օգնէ դառնալու աղ եւ լոյս,  եւ պիտի առաջնորդէ  դէպի Քրիստոնէական վկայութիւն, որ է աղ եւ լոյս։

Քրիստոնեաները արդարեւ կանչուած են ըլլալու աշխարհի աղն ու լոյսը  ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով վստահիլ Քրիստոսի խոստումներուն, որուն մէջ ամէն ինչ կատարուեցաւ։ Ան ապա ընդգծեց աղ ու լոյս ըլլալու առաքելութեան յատկութիւնները,  հուսկ քարոզի աւարտին հրաւիրեց հայցել շնորհքը, կառչած եւ արմատացած մնալու Քրիստոսի խոստումներու լիութեան վրայ, որ է ամբողջական Այո մը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով այդ աղին ու լոյսին լիութիւնը վկայութեան միջոցաւ տանելու ուրիշներուն՝ փառաբանելու համար զԱստուած որ  երկինքն է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.