2017-06-13 10:08:00

Պքերքէի մէջ. Ռայի Պատրիարքը բացումը կատարեց Սիւնհոդոսին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի համայնքի յատուկ սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է Լիբանանի ապագայով` նկատի ունենալով երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարզերուն մէջ ծառացող տագնապները:

Ան նշեց, որ բոլոր այդ տագնապներուն վրայ աւելցած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի երկու միլիոն տեղահանուածներու տագնապը` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականները լիբանանցիներուն հետ կը մրցին օրուան հացը ապահովելու իմաստով:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ սիւնհոդոսը կատարեալ պատասխանատուութեամբ, անկողմնակալութեամբ եւ ազատութեամբ  պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ սիւնհոդոսը առիթ մըն է հոգեւոր կազմաւորման:








All the contents on this site are copyrighted ©.