2017-06-13 09:00:00

Կարդինալ Սանտրին ''Իրաքի համար նոր սկիզբ'' կը մաղթէ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Տարիներու պատերազմն ու ահաբեկչութիւնները այլանդակ դարձուցին Իրաքի ժողովուրդին դէմքը, իրենց ետին թողելով սարսափազդու աւերածութեան տեսարաններ ու կործանուած ու լքուածութեան մատնուած Քրիստոնեայ եւ ոչ Քրիստոնեայ մշակոյթին գանձերը''։ Այս եղաւ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին կոչ - դատապարտումը, անցեալ 9 Յունիսին, Սանթա Մարիա Սոփրա Միներվա` Տոմինիքեան միաբանութեան վանքին մէջ  ''Իրաքի ձեռագիրներու մեծ ժամկէտ'' վերտառութեամբ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին ունեցած զեկոյցին մէջ, որուն ի մէջ այլոց իրենց մասնակցութիւնը բերին Վանքին մեծաւորը` Հայր Ռիքքարտօ Լուֆրանի եւ Սուրբ Աթոռի գլխաւոր արխիւի և գրադարանի տնօրէնը` գերապայծառ Ժան Լուի Պրիւկէսը ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ֆրանսայի դեսպան Տիար Ֆիլիփ Զելլեր։ 

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը վերոնշեալ խօսքերով ուզեց բացայայտել տառապանքը ու ծանր վէրքերը որոնց ենթարկուեցան քաղաքացիական հասարակութիւնն ու Իրաքի մշակութային ժառանգութիւնը, միեւնոյն ատեն յոյս արտայայտելով նոր սկիզբի մը, տուն վերադարձի եւ նոր արշալոյսի մը` որ իր ցոլացումը գտնէ Աւետարանին մէջ։

Ծիրանաւորը ապա յատուկէն վերյիշեց Միջին Արեւելքի այդ երկրին զաւակները` որոնք կը շարունակեն ապրիլ ու վկայել Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքը. ապա ակնարկեց ձեռագիրներուն` որոնք սերունդէ սերունդ պահպանուեցան մինչեւ մեր օրերը հասցնելով Իրաքցի փոքրամաս քրիստոնեայ հասարակութեան մշակոյթը եւ որոնք կ՛արտայայտեն ''ազատ'' անցեալի մը իրողութիւնը որ յոյս կը ներշնչէ նոր ու խաղաղ եւ համերաշխ ապագայի մը։ 

Կարդինալ Սանտրի ապա հայցեց որ Տէրը դպչի ու բարեփոխէ բռնաբար սրտերն ու պարգեւէ այդքան սպասուած խաղաղութիւնը հուսկ ակնարկեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի 100 ամեակին հաստատելով թէ` ''այս հարիւր տարիներու ընթացքին ականատես եղանք, դժբախտաբար, տառապանքի ու հալածանքի բազմաթիւ  իրադարձութիւններու,  սակայն բարեբախտաբար, ասոնց կից կային ու կան եղբայրսիրութեան, Աւետարանի վկայութեան, միջ-կրօնական ու համամիութենական համագործակցութեան իրադարձութիւններ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.