2017-06-12 12:13:00

''Իսկական մխիթարանքը պարգեւ մըն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ առաւօտեան պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մխիթարութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է ու ծառայութիւն է ուրիշներուն։ Ոչ մէկը կարող է ինքնուրոյն կերպով ինքզինք մխիթարել''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ներկայացուած այսօր` 12 յունիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզին մէջ։

''Փորձարկելու համար մխիթարութիւնը հարկաւոր է ունենալ բաց սիրտ մը, հոգիով աղքատ անձերու սիրտը եւ ոչ թէ անարդարներու սիրտը'' դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը  անդրադառնալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ուր կը խօսուի մխիթարութեան շնորհքի  մասին։

''Մխիթարութեան փորձառութիւնը հոգեւոր փորձառութիւն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ` ոչ մէկը կարող է ինքզինք մխիթարել ու եթէ այդ ընէ կը կեղծէ իրականութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը փակ մխիթարութիւն է, ինչպէս էր պարագան փարիսեցիին որ խորանին առջեւ կեցած ինքզինք կը գովաբաներ ըսելով. փառք քեզի Տէր որ ուրիշներու նման չեմ''։

Այս անձը, ըսաւ Սրբազան Պապը, հայելիին կը նայեր ու կը տեսներ իր կեղծուած հոգին։ Մինչ իսկական մխիթարութիւնը ամէնէն առաջ պարգեւ մըն է, որովհետեւ Աստուած է որ կը մխիթարէ ու մեզի կը շնորհէ այդ պարգեւը։ Իսկական մխիթարութիւնը անցք մըն է` ընկալուած պարգեւէն դէպի մատուցուած ծառայութիւն'' շեշտեց  Նորին Սրբութիւնը վերահաստատելով թէ մխիթարութիւնը` պարգեւ ու ծառայութիւն է։

''Մխիթարութիւնը ընկալելու համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ ընդունիլ թէ պահանջը ունինք մխիթարութեան։ Այդ պահուն է որ Տէրը կու գայ ու կը մխիթարէ մեզ ու մեզի կը շնորհէ առաքելութիւնը ուրիշները մխիթարելու'' դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով օրուան աւետարանական ընթերցումին ուր կը խօսուի երանութիւններու մասին. Երանի հոգիով աղքատներուն, անոնք որոնք գիտեն լալ, անոնք որոնք խոնարհ ու հեզ են սրտով, անոնք որոնք ծարաւն ունին արդարութեան եւ որոնք կը պայքարին արդարութեան համար, անոնք որոնք ողորմած են, անոնք որոնք մաքուր են սրտով, խաղաղարարներն ու բոլոր անոնց որոնք  հալածուած են արարութեան ու սիրոյ համար... Այս բոլորը կ՛ընդունին  Տիրոջ մխիթարութիւնը, մինչ փակ սիրտ ունեցողները, բռնաբարները, անարդարներն ու անոնք որոնք չեն գիտեր ըլլալ ողորմած ու ներողամիտ, անմաքուր սիրտ ունեցողները ու պատերազմի գործիչները, կարող չեն ընդունիլ մխիթարութիւնը - հաստատեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց հարց  տալ ''եթէ ունինք փակ կամ բաց սիրտ մը'', '' հարց տանք եթէ մեր սիրտը կարող է ընդունիլ մխիթարութեան պարգեւը, որպէսզի ապա զայն տանինք ուրիշներուն որպէս Տիրոջ պարգեւ'' - ըսաւ Սրբազան Պապը եւ քարոզը եզրափակեց յորդորելով '' խոկալ այս հարցին մասին ու գոհութիւն յայտնել Տիրոջ, որ միշտ մեզ կը մխիթարէ. մեզմէ պահանջելով միայն քիչ մը բաց պահել մեր սիրտը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.