2017-06-12 09:57:00

Գաղթականութեան եւ մարդավաճառութեան մասին գիտաժողով Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդկային համապարփակ զարգացման  ծառայութեան ժողովը, աշխարհի հինգ ցամաքամասերու, գաղթականներու հովուական ծառայութեան բաժանմունքի պատասխանատու եպիսկոպոսներու եւ ազգային յանձնախումբերուն տնօրէններու հետ միասին, 12 եւ 13 յուլիս 2017-ին, կազմակերպած են գիտաժողով մը որուն ընթացքին կը քննարկուին` գաղթականներուն, ապաստանեալներու եւ մարդավաճառութեան հարցերը։ 

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, գաղթականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու եւ մարդավաճառութեան դէմ պայքարող շուրջ 40 պատուիրակներ։

Գիտաժողովին կէտնպատակն է,  բաժնեկցիլ գաղթականներու, քաղաքական ապաստանութեան դիմողներու եւ աշխարհի չորս ծագերու մէջ մարդավաճառութեան թիրախ անմեղներուն հովուական ծառայութեան  գլխաւոր մտահոգութիւնները։

Գիտաժողովին աշխատանքները նպատակաուղղուած են,  2018-ին նախատեսուած գաղթականներու ու ապաստանեալներու հայող << Global Compacts>> համաժողովին  ի տես  բնորոշել  էական տարրեր ի սպաս հովուական ծառայութեան միասնական ռազմագիտութիւն եւ առաջարկել օժանդակութիւններ  եւ նիւթական օգնութիւններ  ապա շարադրել հինական կէտեր զանոնք ներկայացնելու համար  ֆրանչիսկոս Պապի ուշադրութեան։

Գաղթականներուն մասին գումարուած գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ դռնփակ, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան կեդրոնատեղիին մէջ ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.