2017-06-10 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ Նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իտալիոյ կը նայիմ մեծ յոյսով։ Յոյս մը որ արմատացած է երախտապարտ յիշողութեան մէջ` մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու նկատմամբ, որոնք նաեւ իմս են, որովհետեւ իմ արմատներս կը գտնուին այս երկրին մէջ''։  Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Շաբաթ 10 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Սերճօ Մաթթարելյաին տուած պաշտօնական այցելութեան առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, որուն սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ սոյն այցելութիւնը կ՛ուզէ փոխադարձել 18 ապրիլ 2015-ին Նախագահին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Իտալիոյ եւ Եւրոպայի ապրած ճգնաժամերուն­, ուր տարբեր բնոյթ ունեցող հարցեր կան, ինչպէս է միջազգային ահաբեկութիւնը, գաղթականութեան երեւոյթը, նոր սերունդի արժանավայել ու մնայուն աշխատանքի ապահովումը ինչպէս նաեւ ընտանիքի տագնապը։

Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններու յանձնառութեան, ի սպաս` Միջերկրական ծովու ափերը հասնող գաղթականներու հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ` միջազգային գետնի վրայ, խաղաղութեան հաստատումին ու ապահովութեան ի սպաս ստանձնած պատասխանատուութեան, ապա մատնանշեց իտալիոյ ժողովուրդի հաւատքին որուն շնորհիւ երկրաշարժի թիրախ դարձած  Կեդրոնական Իտալիոյ բնակչութիւնը, կարողացաւ դիմագրաւել ու կը շարունակէ դիմագրաւել ողբերգական իրադարձութիւնները։

Վերադառնալով գաղթականութեան երեւոյթին, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ կարելի չէ որ մի քանի ազգեր իրենց ուսերուն վրայ ունենան այդ բեռը, եւ ասոր համար հրատապ է դիմել աւելի ծաւալուն միջազգային համագործակցութեան։ Ան ապա անդրադարձ կատարեց ''աշխատանքի'' պակասի հարցին ու վերանորոգեց կոչը` բոլոր անոնց որոնք ունին հաւսարակաց բարիքի պատասխանատուութիւնը, որոնելու նոր գործընթաց մը որ հնարաւորութիւն ստեղծէ արժանավայել աշխատանքի, ու այս առնչութեամբ նշեց աշխատանքի պակասի արտադրած ժխտական երեւոյթները, հաստատելով թէ ''աշխատանքը ընտանիքի ի սպաս քաղաքականութեան հետ միասին, իսկական զարգացումի ու ընկերութեան մը ներդաշնակ աճումին նախապայմանները կը մնան''։ ''Հասարակաց տան Երկու հիմնաքարեր որոնց միջոցաւ ստեղծագործ ու վստահելի հոգեբանութեամբ դիմագրաւել ապագան'', ըսաւ ապա Քահանայապետը, շեշտելով երիտասարդներուն ու նոր սերունդին յոյս ներշնչելու հարկաւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Իտալական Եկեղեցւոյ իրականութեան եւ անոր` երկրին ու ժողովուրդին ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքին մատուցած ծառայութեան ու նպաստին, մաղթելով որ Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնն ու համագործակցութիւնը շարունակուին  ի սպաս մարդ անհատի ծառայութեան ու երկրի բարիքին համար։ 

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Լատերանեան դաշնագիրին որ կը սահմանէ Իտալիա  - Վատիկան յարաբերութիւնները­, ու այս առընչութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Պետութեան, անոր վեհանձն տրամադրութեան ու ցուցաբերած համագործակցութեան հոգիին համար, ինչպէս ի յայտ եկաւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելեանի տարւոյն ընթացքին, ուր հակառակ անապահով ժամանակաշրջանին, յոբելենականն բոլոր արարողութիւնները անցան անդորրութեամբ։

''Վստահ եմ որ Իտալիան պիտի կարենայ իր հոգեւոր ու  նիւթական բոլոր կենսմիջոցներու շնորհիւ ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բոլոր խաւերու միջեւ համագործակցութեամբ վերագտնել ուղիղ ճանապարհը` դիմագրաւելու համար իր առջեւ կայացած մարտահրաւէրները''  ըսաւ ապա Ֆրանչիսոպս Պապ ապահովեցնելով Սուրբ Աթոռի եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործօն համագործակցութիւնը, ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ ու Քրիստոնէական արժէքներու մէջ, որով ձեւաւորուած է Իտալիոյ հազարամեայ պատմութիւնը, Իտալիան միշտ պիտի գտնէ լաւագոյն դաշնակիցը, ընկերութեան բարօրութեան ինչպէս նաեւ անոր համախոհ եւ իսկական բարգաւաճումին համար - յրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց ըսելով  ''Աստուած օրհնէ ու պաշտպանէ Իտալիան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.