2017-06-10 08:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Սքոլաս Օքուրէնդէսի'' անդամներուն. ''Ամէն մին դեր մը ունի այս աշխարհի մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իւրաքանչիւր կեանք իմաստ մը ունի, ոչ մէկ անձ պէտք է բացառուի''։ Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս կը դատապարտէ մնացորդացի մշակոյթը որ կը գերիշխէ այսօրուան ընկերութեան մէջ, ու այս կ՛ընէ` Սան Քալլիսթօ Պալատին մէջ ''Սքոլաս Օքքուրէնդէս'' քահանայապետական հիմնարկի Հռոմի կեդրոնի բացման արարողութեան առթիւ։

Վերոնշեալ հիմնարկը արդարեւ ստեղծուած է նոյնինքն Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսի կողմէ, 20 տարիներ առաջ, երբ Ան տակաւին Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր։ Տարիներու ընթացքին այդ ''հանդիպման դպրոցը'' դարձաւ իրականութիւն մը որ կը գործէ 190 երկիրներուն մէջ եւ ունի 450 հազարէ աւելի հաստատութիւններ ու դաստիարակչական ցանցեր։

13 օգոստոս 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնարկին շնորհեց ''Քահանայապետական'' տիտղոսը զայն դարձնելով միջազգային հաստատութիւն։

Հռոմի Թրասթեվերէ շրջանի Սան Քալլիսթօ պալատի մէջ հիմնարկի նոր կեդրոնի բացման արարողութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց ծրագրին հիմնական արժէքները` որոնք ստեղծագործութեան, մարզանքի ու արուեստագիտութեան միջոցաւ կը ձգտին  դաստիարակչական նոր ուղեւորութիւն մը շնորհել։ Ծրագրին կարգախօսն է ''Ոչ բացառումի'' եւ ''այո ներառումին''։ 

''Սքոլասի'' մէջ ամէնքն ալ արժէք մը ունին, այնպէս ինչպէս պարզ խիճ մը անգամ ունի իր կարեւորութիւնը։ ''Սոքլաս Օքուրէնդէսը'' կը գործէ վասն ներառումին, որովհետեւ ամէնքն ալ պէտք է միեւնոյն հնարաւորութիւնները ունենան, յատկապէս երբ այս մէկը կը հայի երիտասարդներուն, որոնք կը պատրաստուին գործելու ապագայի ընկերութեան մէջ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ապա զգուշացուց համաշխարհայնացումի վնասներէն, յատկապէս երբ ան կը ջանայ ամէն ինչ միաձեւ դարձնել։

''Իսկական համաշխարհայնացումը, ըսաւ Ֆրանչոսկոս Պապ, կը յարգէ զանազանութիւնը ու միայն այն ընկերութիւնը որ պատրաստ է ընդունիլ այդ զանազանութիւնը, կարող է աճիլ։

Ամէն մէկ անհատի կը մնայ վերագտնել կեանքի մէջ իր դերակատարութեան իսկական իմաստը, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, ու խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն իշխանութիւններուն որոնք կը սատարեն ''Սքոլաս Օքուրէնդէսի'' գոյատեւումին ու ծաւալումին` աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.