2017-06-10 07:46:00

Վրաստանի բնակչութեան 2,94%-ը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներն են։


Վրաստանի մէջ կայացաւ կրօնական քարտէզներու շնորհանդէս: Ձեռնարկին ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի, կառավարութեան, դիւանագիտական բաժինի ներկայացուցիչներ, կրօնական համայնքներու առաջնորդներ, հիւրեր:

Քարտէզները մշակուած են Կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան կողմէն: Ընդհանուր առմամբ կազմուած է երեք քարտէզ` տարածաշրջանային, շրջանային եւ պաշտամունքային: Այդ քարտէզները մատչելի են կրօնի հարցերով գործակալութեան կայքին մէջ: Այն ժամանակ, երբ տարածաշրջանային եւ շրջանային քարտէզները կ՝իրազեկեն Վրաստանի բնակչութեան կրօնական պատկանելութեան մասին, ապա «պաշտամունքային կառոյցներ» քարտէզներու մէջ ներկայացուած են երկրի տարածքին գտնուող մենաստանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները:

Անիկա կազմած է գործակալութեան առընթեր կրօնական քաղաքականութեան հետազօտման կեդրոնը, մեկնելով Վրաստանի վիճակագրական ծառայութեան 2014 թուականի տուեալներէն: Այդ տուեալներուն համաձայն, Վրաստանի 3,7 միլիոն բնակիչներէն 83,4 տոկոսը կը հետեւի ուղղափառութեան դաւանանքին: Անոնց կը յաջորդեն մահմետականները 10,74 տոկոս: Երրորդ տեղը 2,94 տոկոսով Հայկական Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներն են: Վրաստանի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները կը կազմեն բնակչութեան 0,52 տոկոսը, Եհովայի վկաները` 0,33, եզտիները` 0,23, հրեաները` 0,04 տոկոս: «Այլն»-ի սանդղակին վրայ ընդգրկուած է բնակչութեան 1,8 տոկոսը: Ներառեալ այն մարդիկ, որոնք հրաժարած են պատասխանել հարցին կամ կը հանդիսանան առաւել փոքր խումբի ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.