Յունիս 7ին Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմական օդակայան հասաւ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւնը փոխադրող առաջին օդանաւը:
Օդակայանին մէջ մարդասիրական օգնութիւնը ստանձնեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վազգէն Խանճեան: Հմէյմիմ օդակայանէն օգնութիւնը բեռնատարներով պիտի տեղափոխուի Սուրիոյ չորս քաղաքներ‘ Դամասկոս, Հալէպ, Լաթաքիա եւ Քեսապ, ապա տեղի պիտի ունենայ օգնութեան բաշխումը կարիքաւոր ընտանիքներու:
Վերջին տարուան ընթացքին ասիկա Հայաստանի կողմէ Սուրիա առաքուած երրորդ օգնութիւնն է:
Այս անգամ Սուրիոյ յատկացուած է շուրջ 40 թոն սնունդ եւ անհրաժեշտ իրեր:
Օգնութեան տեղափոխումը Սուրիա կ՛իրականանայ Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուած ռազմական օդանաւերու միջոցով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |