(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 յունիս 2017-ին, առաւօտեան 9.30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Մեքսիքոյի ՝՝Թլալնեփանթլա՝՝ թեմին արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Ակուիար Ռեթեսը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Վենեզելլուայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահական գրասենեակի անդամներուն որոնք Հռոմ ժամանած են Ֆրանչիսկոս Պապին հետ քննարկելու Վենեզուելլայի մէջ քաղաքակական եւ ընկերային գետնի վրայ տիրող արտակարգ տագնապի հարցը որ խռովութիւններ յառաջացուցած է երկրի համայն տարածքին վրայ եւ ուր բնակչութիւնը ցոյցեր կը կազմակերպէ պահանջելով նախագահին հրաժարականը։
Ֆրանչիսկոս պապին հետ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսներուն խնդրանքով, որոնք իրենց կարգին կոչ ուղղած են` դադրեցնելու բռնութիւններն ու ժողովուրդին սանձահարումները, յարգելու մարդկային իրաւունքները ու դիմելու հաշտութեան ու վերահաստատելու խաղաղութիւնը։
Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք նորին Սրբութիւնը ընդունեց Նիճերիոյ ''Ահիարա'' թեմի պատուիրակութիւն մը, հուսկ՝ Ժամը 11.00-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Փանամայի եպիսկոպոսաց դասի անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |