2017-06-08 08:16:00

Ս.Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կը մասնակցի UNIFIL-ի հայկական ջոկատի հանդիսութեան:


Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2017-ին, հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հայկական խաղաղապահ ուժերուն հերթափոխը:

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան մասնակցեցաւ հրաժեշտի եւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի արեւմտեան զօրանոցի հրամանատար զօր. Ֆրանչիսքօ Օլլա, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մաս կազմող այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ գործող հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

ՄԱԿ-ի, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Տէր Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան «Տէրունական աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեց հայկական ջոկատն ու ներկաները:

Հայկական 5-րդ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Աթոյեան ողջունեց Հայաստանէն եկած հայկական 6-րդ ջոկատը, շեշտելով, որ ինք վստահ է, թէ անոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ նուիրուածութեամբ եկած են Լիբանան` լաւագոյն կերպով իրականացնելու հայ խաղաղապահներուն վստահուած առաքելութիւնը:

Իր խօսքին մէջ զօր. Օլլա բարձր գնահատեց հայկական խաղաղապահ ուժերը, ընդգծելով, որ հակառակ իրենց փոքր թիւին, անոնք բացառիկ կերպով կը կատարեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնը:  Ան նաեւ յաջողութիւն մաղթեց հազարապետ Խաչատրեանին:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ. «Ձեր առաքելութիւնը բարձր գնահատուած է բոլոր մակարդակներուն վրայ` միջազգային, ազգային եւ տեղական»: Ան բարի վերադարձ մաղթեց 5-րդ ջոկատին եւ բարի գալուստ, յաջող ու անփորձանք ծառայութիւն՝ 6-րդ ջոկատին, ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան:

Հրամանատար Աթոյեանին հրաւէրով խօսք առնելու կոչուած՝ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն, որոնք հսկայական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն հարաւային Լիբանանի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան հողին եւ ժողովուրդին մատուցած անոնց ծառայութեան համար՝ պահպանելու այդ տագնապալից շրջանին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Ան այս առիթով շնորհաւորեց իրերայաջորդ հայկական ջոկատները, որոնք իրենց առաքելութեան ընդմէջէն բարձր կը պահեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց բանակին անունը: Ան նաեւ ըսաւ, թէ իսկապէս կը հաւատանք, որ Հայաստանի Զինուած Ուժերէն Լիբանան ժամանելիք նոր ջոկատը հպարտօրէն պիտի շարունակէ գործել նախկինին ուղիով,  անոնցմէ իւրաքանչիւրին մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն:

Նշենք, որ հրամանատար Կարէն Աթոյեան հայ զինուորի գլխարկներ որպէս նուէր ուղարկեց վարժարանիս գերազանց եւ փայլուն աշակերտներուն համար:

Պաշտօնական ձեռնարկի աւարտէն ետք զինուորներն ու իրենց այցելող լիբանանահայերը միասնաբար անգամ մը եւս խրոխտ հնչեցուցին Հայաստանի օրհներգը, որմով փշաքաղուեցան բոլոր ներկաները անխտիր:

Ազգային հպարտութեամբ առլեցուն պահ մըն էր սոյն հանդիսութիւնը, ուր ակնբախ էր հայկական դրօշին ու քայլերգին, ոգիին ու շունչին գերազանց ներգործութիւնը հայ զինուորին եւ ներկայ հայորդիներուն մօտ:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.