2017-06-08 09:42:00

«Թուրքիա պիտի շարունակէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններ զարգացնել» կ՛ըսէ Էրտողան


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Քաթարի հետ յարաբերութիւններ զարգացնել: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ըստ Էրտողանի, Անգարա ճիշդ չի նկատեր Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումը: Ան աջակցած է ստեղծուած կացութեան մէջ Քաթարի դիրքորոշումին` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը, որ ներկայ դրութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կարգաւորուի երկխօսութեան ճամբով:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եմէնը, Լիպիան, Մալտիւեան կղզիները, Մորիսիոսը եւ Պահրէյնը խզած են Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական կապերը:

«Քաթար կ՛աջակցի բազմաթիւ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու, որոնց նպատակը շրջանային կայունութեան խախտումն է: Այդ երկիրը իր լրատուամիջոցներուն ճամբով անընդհատ կ՛իրականացնէ այդ խմբաւորումներու գաղափարախօսութեան քարոզչութիւնը», նշուած է սէուտական լրատու գործակալութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Քաթարեան աղբիւրներ երէկ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ իշխանութիւնները սննդեղէնի ապահովման համար բանակցութիւններու սկսած են Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.