2017-06-07 10:57:00

Ւրանի խորհրդարանին մէջ ահաբեկչական յարձակում


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2017-ին, առաւօտեան , Իրանի խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած է  ահաբեկչական յարձակում, որուն պատճառով արձանագրուած է 7 զոհ եւ 12 վիրաւոր։ Այլ անձնասպանականն գործողութիւն մը տեղի ունեցած է Խումէյնիի դամբարանին մօտ որուն պատճառով զոհուած են  զինուորականներ եւ քաղաքացիներ։ 

Սկզբնական տուեալներու համաձայն ահաբեկիչներէն ոմանք ձերբակալուած են եւ ուրիշներ սպաննուած։ ''ՏԱՀԵՇ''Ը ստանձնած է ահաբեկչական արարքներու  պատասխանատուութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.