2017-06-07 10:18:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կեանքի, մահուան ու անմահութեան բացարձակ ճշմարտութիւնը:

Մարդկային հոգիի խորագոյն անդունդին անմատոյց ծալքերուն մէջ թաքնուած գաղտնի զգացումներէն է անմահութեան ձգտումը: Ո՛չ ոք կը խօսի այս մասին բացայայտ, բայց բոլորն ալ կը փափաքին հասնիլ անոր անյապաղ: Ա՛յս է գաղտնիքը մեր հոգւոյն, ա՛յս է փափաքը մեր սիրտին, ա՛յս է հեռանկարը մեր միտքի սեւեռուած հայեացքին եւ ա՛յս է վերջակէտը մեր հոգւոյն ներքին անբացատրելի նպատակներու հեռահաս ուղիին: Ֆիզիքական նուազագոյն թուլութեան պարագային, անմիջապէս վախը կը մտնէ մեր սիրտերուն մէջ, թէ պիտի կարենա՞նք յաղթահարել մեր դիմաց ծառացած առողջական այս խնդիրը: Երբեմն մինչեւ տարրալուծարանի քննութեանց արդիւնքները ստանալը, կը մտատանջուինք, փախցնելով մեր արդար իրաւունքը եղող քուն:

Անմահութիւն…Ասիկա այնպիսի խոր փափաք մըն է, որուն իրականացման համար ամէն ինչ պատրաստ է զոհել մարդ էակը: Իրարմէ տարբեր կրօնական հաւատալիքներ, մահուան գաղափարին մէջ կը ներկայացնեն նոյնինքն անմահութիւնը: Այդպէս չէ՞ր քրիստոնէական առաջին դարերուն ըմբռնումը անարդար մահուան կամ պարտադիր նահատակութիւններու մասին… Առիւծներու գուբին մէջ գազաններուն կեր դառնալու ստորնացուցիչ դէպքերն անգամ, քրիստոնեաներուն համար անմահութեան դուռ ու տրտմութեան հովիտէն դէպի կանաչ մարգագետիններ առաջնորդուելու անցք կը համարուէին, համաձայն «Սրբոց Վարք»երու փոխանցած տեղեկութիւններուն:

Իսկ այսօր ինչպէ՞ս կ՛ըմբռնուի անմահութիւնը. երկարակեցութի՞ւն է արդեօք մեր փափաքը: Ինչքա՞ն կրնանք երկար ապրիլ զառամեալ ծերութեամբ… Կամ՝ ինչո՞ւ համար ժամանակավրէպ դառնանք, երբ ունինք երանական կեանքով վերստին ծնելու երկնապարգեւ բացառիկ հնարաւորութիւնը: Սկիզբ ունեցող նիւթը, անպայման ունի իր վախճանակէտը, որ մարդկային մարմինին համար անխուսափելի մահն է, մինչեւ իսկ 120 կամ 130 տարիներու աւարտին: Հողայնական ճակատագիրը հողաստեղծ մարդուն, աշխարհի տէրեր համարուած իշխանաւորներն ու կայսրերն ալ չեն կրցած փոփոխութեան ենթարկել: Բոլորն ալ փոշիացեր են եւ միախառնուեր մեր ոտքերու կոխան դարձող երկիրի հողին:

Բայց թերահաւատութիւնը յետ մահու կեանքին մասին, մարդ էակը կը թողու անորոշութեան միգամած անջրպետին մէջ, կողմնորոշուելու դժուարութեան դիմաց դնելով զայն:

Առաքեալը, սերմնացանի յատուկ լեզուով բացատրելով մարդուն անմահութեան ցանկալի խորհուրդը կ՝ըսէ. «Լսէ՛, անմի՛տ, երբ սերմնահատիկ մը  ցանես՝ հատիկը չի՛ բուսնիր, մինչեւ չմեռնի: Եւ ապա, քու սերմանածը սովորական հատիկ մըն է, ցորենի կամ այլ սերմերու, եւ ո՛չ այն հասկը որ պիտի ծլի» (Հմմտ. Ա. Կր 15.35-37): Ան կը յստակացնէ մահուան իրողութեան պատճառով մարդկային միտքին պղտորուած տեսադաշտը եւ կ՛ուժեղացնէ անոր հետեւանքով մարդու աչքերուն տկարացած տեսողութիւնը՝ ըսելով. «Այս աշխարհը, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը, թէ՛ ներկան, թէ՛ ապագան, բոլորը ձեզի համար են» (Հմմտ Ա. Կր 3.22):

Աշխարհի  ուրախ, նոյնպէս ալ բոլոր տխուր ու դժբախտ երեւոյթները՝ թէ՛ հիւանդութիւնները, թէ՛ ձախորդութիւնները, թէ՛ թշնամութիւնները, թէ՛ ատելութիւնները եւ թէ մանաւանդ մահը մեզի համար են.  Պատրաստուինք այս ուղղութեամբ հոգեպէս:

Անմահութեան տանող ճամբուն դուռը բացուեր է արդէն Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեամբ: Գերեզմանը, ժամանակաւոր կայանատեղի եւ դէպի իսկական Կեանք տանող միջանցք մըն է այսուհետեւ, մահուան դէմ Անոր՝ Քրիստոսի տարած աստուածավայել յաղթանակով: Իր մահով, մահը պարտութեան մատնած Աստուած դեռ ի՞նչ աւելի ուժեղ օրինակ պէտք է տար քեզի, որպէսզի միտքէդ փարատէիր մառախուղը խորախորհուրդ նկատուած մահուան: Իսկ եթէ ունիս ուրիշ փաստ, աւելի՛ զօրաւոր, քան աստուածային Յարութեան իրողութիւնը, ինչո՞ւ կը վախնաս մահէն…








All the contents on this site are copyrighted ©.