2017-06-07 08:47:00

Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական 6-րդ ժողովը


Երեքշաբթի, Յունիս 6-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Էջմիածինի մէջ իր քառօրեայ աշխատանքներուն սկսաւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական վեցերորդ ժողովը, որուն կը մասնակցին Մայր Աթոռի եւ Նուիրապետական աթոռներու եպիսկոպոսներ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդներ, առաջնորդական տեղապահներ, հայրապետական պատուիրակներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Նուիրապետական աթոռներէ, հայրապետական պատուիրակութիւններէ ու աշխարհասփիւռ թեմերէ ընտրուած հոգեւորական եւ աշխարհական շուրջ 150 ներկայացուցիչներ:

Գէորգեան Հգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ գումարուող Եկեղեցական-ներկայացուցչական վեցերորդ ժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գործադիր քարտուղար Եզնիկ արք. Պետրոսեան: Ապա ելոյթ ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Ողջունելէ ետք ներկաները, վեհափառը գոհունակութեամբ նշեց, որ  Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը կը գումարուի նախորդ ժողովին կողմէ հաստատուած կանոնադրութեան տրամադրութիւններով:

«Կանոնադրութեան ընդունումը էական քայլ է մեր եկեղեցու ամբողջական կանոնադրութիւնը ստեղծելու եւ կեանքի կոչելու ճանապարհին: Այս ուղղութեամբ, կարեւոր ձեռքբերում է նաեւ թեմական կանոնադրութեան ուղենշային փաստաթղթի կազմումը, որը յանձնարարուած է կիրառութեան 2009 թուականին գումարուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի կողմից», ըսաւ վեհափառը:








All the contents on this site are copyrighted ©.