2017-06-06 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 Յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ պիտի ընդունի Վենեզուելլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահութեան խորհուրդի անդամները անոնց հետ  քննարկելու համար Վենեզուելլայի մէջ տիրող արտակարգ տագնապի հարցը։ ''Հանդիպումի խնդրանքը ներկայացուցած են նոյնինքն Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսները'', յայտարարած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Կրէկ Պուրքը։

Բռնութիւններու դադարեցում, ժողովուրդին սանձահարումներու վերջ, մարդկային իրաւունքներու յարգանք, հաշտութիւն ու խաղաղութիւն։ Ասոնք են Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն  խնդրանքները զոր ներկայացուց Քարաքասի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ուրոզա Սավինոն կոչ ուղղելով ոստիկանութեան պահապան կանգնելու   ''սահմանադրութեան'' յարգանքին, խաղաղութեան ու Վենեզուելլայի ժողովուրդին միջեւ համակեցութեան։

Անցեալ ապրիլ մէկէն ասդին, երբ սկիզբ առին Մատուրօ նախագահին դէմ ցոյցերը, խնդրելով անոր հրաժարականը, արձանագրուած են 65 մեռեալ ու հազարաւոր վիրաւորներ։ 3000 հազարէ աւելի մարդ կալանաւորուած է մինչ տնտեսական ու քաղաքական տագնապը ծունկի բերած է երկիրը` ուր կարիք կայ ջուրի, ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.