2017-06-06 10:16:00

Փութին ԱՄՆ-ը մեղադրած Է ամբողջ աշխարհի քաղաքական հոլովոյթներուն միջամտելու ամբաստանութեամբ


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը միջամտեն ամբողջ աշխարհի քաղաքական հոլովոյթներուն, սակայն կը մեղադրեն Ռուսիան նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելու ամբաստանութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը:

«Ես ոչ ոքի կ՛ուզեմ նեղացնել, սակայն Միացեալ Նահանգներ ամէնուր` ամբողջ աշխարհի վրայ, աշխուժօրէն կը միջամտեն այլ երկիրներու նախընտրական արշաւներուն», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Փութինի համաձայն, «ամէնուր ձեզ կը բողոքեն, որ ամերիկեան պաշտօնատար անձեր կը միջամտեն իրենց ներքին քաղաքական հոլովոյթներուն»:

«Ես չեմ ըսեր, որ մենք չենք միջամտած, սակայն եթէ մէկը որեւէ ձեւով կ՛ազդէ կամ կը փորձէ ազդել, կամ որեւէ ձեւով կը մասնակցի այդ հոլովոյթներուն, Միացեալ Նահանգները բողոքելու բան չունին: Ո՞վ մեզի կ՛ըսէ, ո՞վ կը նեղանայ մեզմէ միջամտութեան համար: Դո՛ւք էք, որ անընդհատ կը միջամտէք», ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը:

Մեկնաբանելով այն տեղեկատուութիւնը, թէ Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաք Թրամփի փեսային եւ այժմ խորհրդականին` Ճարետ Քուշների հետ քննարկած է ընտրապայքարի ծիրին մէջ «Քրեմլինի հետ փակ հաղորդակցութեան միջոց»-ի ստեղծման կարելիութիւնը, Փութին նշած է. «Ռուսիան ո՛չ մէկ կարգի հաղորդակցութեան միջոց ստեղծած է եւ ո՛չ մէկուն հետ ոչ մէկ կարգի հաղորդակցութեան միջոց ունեցած է: Թերեւս ինչ-ինչ պաշտօնական հաղորդակցութիւններ եղած են բոլոր թեկնածուներու ընտրական գրասենեակներու հետ, ատիկա բնական դիւանագիտական գործելաոճ է»:

«Պարզապէս մէկը որոշած է կառչիլ ատոր եւ ատիկա ընտրած է իբրեւ գործող նախագահին վրայ յարձակում գործելու միջոց», նշած է Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Դուք պարապ տեղ աղմուկ բարձրացուցած էք եւ զայն գործող նախագահին դէմ պայքարի միջոցի վերածած»:








All the contents on this site are copyrighted ©.