2017-06-06 09:59:00

Արժանթինի եպիսկոպոսները կ՛աջակցին ''Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար'' ծրագրին։


(Ռատիօ Վատիկան) 8 Յունիս 2014-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական հանդիպում մը որուն առթիւ` Ֆրանչիսկոս Պապը, Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերեսը ու Պաղեստինի Նախագահ Ապու Մազէնը, միասնաբար աղօթեցին խաղաղութեան համար։ Այս պատմական օրուան տարեդարձին աօթիւ, Արժանթինի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր աջակցութիւնը յայտնած է`  8 Յունիս 2017-ին կայանալիք` խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի ու յանձնառումի` ''Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար'' ձեռնարկին, զոր կազմակերպուած է` Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն Եպիսկոպոսական յանձնախումբի, Արժանթինի Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի ու համամիութեան, հրէականութեան ու իսլամութեան եւ այլ կրօններու հետ երկխօսութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբի համագործակցութեամբ։

Ձեռնարկին նպատակն է խորհրդածել, աղօթել ու որոնել յանձնառումներ` ի սպաս աշխարհի խաղաղութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.