2017-06-06 10:43:00

Այսօր ամբողջ աշխարհին յայտնի Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրն է


Յունիս 6-ը համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրն է:

Այս տարի կը նշուի մեծանուն երաժշտահանի 114-ամեակը: Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները համաշխարհային երաժշտական գանձարանի նմուշներէն են: Անոր անունը յայտնի է ամբողջ աշխարհին, ստեղծագործութիւնները կը կատարուին աշխարհի մէջ ամէն տեղ:

UNESCO-ն Խաչատրեանը կը դասէ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժշտահաններու շարքը. մեր ժամանակներու հանրածանօթ ստեղծագործութիւններու ցուցակին մէջ առաջնային տեղերու վրայ են անոր Երկրորդ սիմֆոնիան, Դաշնամուրի քոնսերթը, «Սպարտակ», «Գայիանէ» պալէները եւ այլն:

Ծնած ըլլալով Թիֆլիսի Կոջոր արուարծանին մէջ, Արամ Խաչատրեան գրած է,- «Հին Թիֆլիսը հնչուն, երաժշտական քաղաք է: Բաւական էր անցնիլ կեդրոնէն քիչ հեռու գտնուող փողոցներով ու նրբանցքներով, որպէսզի մխրճուէիր ամենատարբեր աղբիւրներէ ստեղծուած երաժշտական մթնոլորտի մէջ …»։








All the contents on this site are copyrighted ©.