2017-06-05 12:18:00

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած Խաչի տեղադրում եւ օծում Քֆարտըպիանի մէջ։


Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին հովանաւորութեամբ եւ «Օքթոփըս թիմ»-ին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 21 մայիսին Քֆարտըպիան շրջանին մէջ տեղադրուեցաւ խաչ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով: «Խաչի տեղադրում ծովուն խորքէն մինչեւ լերան բարձրունք» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ էին երեսփոխաններ, Քֆարտըպիանի քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան կատարեց խաչի օծումը:

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Օքթոփըս թիմ»-ին` այս նախաձեռնութեան համար, կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման շարունակականութեան պահպանումը եւ պահանջատիրական պայքարին կառչած մնալը: Ան անդրադարձաւ «Կրին պիչ – Ժունիէ»-ի մէջ երկու տարի առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով,  ծովու յատակին խաչի տեղադրման արարողութեան` երկու խաչերու տեղադրման մէջ խորհուրդ մը ընդգծելով եւ շեշտելով, որ ասիկա կը խորհրդանշէ սուրբ նահատակներուն յիշատակը յարգել եւ ցոյց տալ, որ հայութիւնը յարութիւն առաւ ու շարունակեց երթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.