2017-06-05 13:38:00

Թուրքիան անվտանգութեան պատ պիտի կառուցէ նաեւ Իրաքի եւ Իրանի հետ սահմանին։


Թուրքիան Սուրիոյ հետ 911քմ երկայնքով սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելէն ետք, կը պատրաստուի նմանատիպ պատեր կառուցել նաեւ Իրաքի եւ Իրանի հետ սահմանին: Իսկ թուրք-սուրիական սահմանի բաժանարար պատի դեռ 650 քմ․ հատուածը կը կառուցուի:

Ըստ թրքական «Euronews» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութեան`  այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գիւղական համայնքներու ղեկավարներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

«Մենք Սուրիոյ հետ սահմանի ամբողջ երկայնքով (911քմ) պատ պիտի կառուցենք, որպէսզի խոչընդոտենք ահաբեկիչներու ելումուտքը, ինչպէս նաեւ զէնքերու տեղափոխումը: Նոյնը պիտի ընենք Իրաքի հետ սահմանին: Իսկ Իրանի հետ սահմանին ատիկա պիտի ընենք միայն առանձին համապատասխան տեղերու մէջ»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ նշեալ պատերու կառուցուցմամբ Թուրքիան պիտի փորձէ կանխարգիլել ինչպէս «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (Քբկ-PKK) այնպէս ալ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու  մուտքը երկիր:








All the contents on this site are copyrighted ©.