(Ռատիօ Վատիկան) « Սուրբ Հոգին համայն աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն, դարմանէ պատերազմի ու ահաբեկչութեան վէրքերը, զոր այս գիշեր եւս, Լոնտոնի մէջ, հարուածեց անմեղ քաղաքացիներ. Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար». Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտասանած խօսքերը, Կիրակի 4 Յունիս 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հոգեգալուստի տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, երբ նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մօտիկութիւն արտայայտեց բոլոր զոհերուն եւ յոյս յայտնեց խաղաղ աշխարհի մը համար։
All the contents on this site are copyrighted ©. |