2017-06-04 09:44:00

Լոնտոնի մէջ ահաբեկչական այլ արարք մը։ Կան 6 մեռեալներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 3 յունիսի ուշ երեկոյեան (տեղական ժամանակով 22-ի շուրջ) Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք` Լոնտոնի զանազան վայրերու մէջ, տեղի ունեցան ահաբեկչական արարքներ, որոնք պատճառեցին 6 մեռեալ ու տասնեակ վիրաւորներ։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն սպիտակ փոքրիկ մարդատար մեքենայ մը խուժած է բազմութեան վրայ որմէ ապա դուրս եկած են երեք հոգիներ ու դանակներով յարձակած են անցնողներու վրայ։

Լոնտոնի ոստիկանութիւնը որ անմիջապէս միջամտած է ահաբեկչական վայր սպանած է երեք ահաբեկիչները։ 

Ըստ որոշ քաղաքագէտներու սոյն արարքը կարող է մեծ ազդեցութիւն ունենալ 4 օր ետք­  Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կայանալիք քաղաքական ընտրութիւններուն վրայ








All the contents on this site are copyrighted ©.