2017-06-03 17:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. ''Անհրաժեշտ միջոցներով պաշտպանենք մանուկներուն կեանքը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-էն հռչակուած բռնարարքներու թիրախ` անմեղ մանուկներու միջազգային օրուան առթիւ, որ կը նշուի վաղը` կիրակի 4 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական ''@pontifex'' թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ հրաւիրեց զարգացնել ամէն պատշաճ միջոցները` պաշտպանելու համար երախաներու կեանքը։

''Արիութեամբ զարգացնենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պաշտպանելու համար մեր մանուկներուն կեանքը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 3 Յունիս 2017-ին հրապարակած թուիթին մէջ. 








All the contents on this site are copyrighted ©.