2017-06-03 14:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 Յունիսի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 3 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Մարք Ուելլէն, ապա ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նոր դեսպանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթի, հուսկ` Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Առաքելական գործունէութիւններու հաւաքին մասնակցող 170 անդամներուն, որոնցմէ ետք ընդունեց Աւետարանական Եկեղեցիներու 102 ղեկավարներ որոնք Հռոմ ժամանած են մասնակցելու Պենտեկոստէի հսկումին։ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ ''մանուկներու շոգեկառքի'' ծրագիրին մասնակցող, իտալիոյ կեդրոնական շրջաններէն` Նորչիա, Ամաթրիչէ, Արքուաթա Տէլ Թրոթնօ գիւղաքաղաքներէն ժամանած, անցեալ ամիսներուն երկրաշարժներու թիրախ դարձած մանուկներուն հետ։

Երեկոյեան 6-ին Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Չիրքօ Մասսիմօ'' պատմական կրկէսի տարածքին կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի տօնին նախօրեակի հսկումի աղօթքը։

Հանդիպելով Քահանայապետական Առաքելական գործունէութիւններու հաւաքին մասնակիցներուն, Սրբազան Քահանայապետը բացայայտեց իր մտահոգութիւնը հայող անոնց գործունէութեան,  որ ''շատ անգամ, ըսաւ Ան, դարձած է լոկ կազմակերպութիւն մը­, որ Քահանայապետի անունով, տնտեսական օգնութիւններ կը հաւաքէ ու զանոնք կը բաժնէ կարիքաւոր եկեղեցիներուն'', ''թէեւ, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, գիտեմ թէ կը ջանաք նոր եկեղեցական ուղիներ որոնել, լաւապէս կատարելու ձեր  տիեզերական եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս ծառայութիւնը'', ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ դրական համարած է անոնց ներկայացուցած առաջարկը` աղօթքի յատուկ ժամանակաշրջան մը հռչակել, խորհրդածելու համար առաքելութեան մասին։

''Համայն Եկեղեցիէն պիտի խնդրեմ որ 2019-ի հոկտեմբեր ամիսը սահմանուի այդ նպատակին­, ի տես այդ տարուայ ընթացքին նշուելիք` Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի '' Maximum illud'' առաքելական նամակի հարիւրամեակին, որուն մէջ երջանկայիշատակ Քահանայապետը կը հրաւիրեր աւելի մեծ յանձնառումով մասնակցելու Քրիստոսի կեանքին ու հռչակելու աւետարանը բոլորին, անոնց նկատմամբ ողորմութիւն ցուցաբերելով։

''Վերանորոգումը կը պահանջէ սրտի դարձ, կը պահանջէ առաքելութիւնը ապրիլ որպէս յարատեւ կարելիութիւն Քրիստոս հռչակելու, վկայելով զայն եւ ուրիշները մասնակից դարձնելով մեր Անոր հետ ունեցած հանդիպումին'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնելով որ ներկաներուն առաքելութիւնը ու հովուական հոգատարութիւնը միշտ աւելիով խարսխուած ըլլան Աւետարանի վրայ ու Աստուծոյ սէրը աւելիով մօտեցնեն իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս անոնց որոնք աւելիով կարիքը ունին Անոր ողորմութեան։

Այդ արտակարգ աղօթքի եւ խորհրդածութեան ամիսը ըսաւ ապա Քահանայապետը պիտի սատարէ եկեղեցական հաւատքի վերանորոգումին ու մէջբերեց երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետի եկեղեցւոյ առաքելութեան հայող խօսքեր ''Աւետարանող Եկեղեցիին աւետարանումը կը սկսի նախ եւ առաջ ինքն իրմէ'' ու այդ խօսքերու հիման վրայ բաղձանք յայտնեց 2019-ի Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին մեծ շուքով տօնախմբել ''Maximum illud'' առաքելական նամակին հարիւր ամեակը որպէսզի եկեղեցին` վերանորոգուած Տիրոջ նկատմամբ գորովով ու առաջին սիրոյ եռանդով կարողանայ աշխարհքը աւետարանել վստահելիութեամբ ու աւետարանական արդիւնաւէտութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.