2017-06-02 15:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթվիոյ հանրապետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան)   Ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ տեղեկացուց, թէ այսօր` ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթվիոյ  հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ոեյմոնտ Վեժոնսը, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններու  յարաբերութեան քարտուղարի ՝Գերապայծառ Փոլ Կալլակերին։     

Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած, թէ  վերոյիշեալ հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր  մթնոլորտի մէջ,  որուն ընթացքին գնահատուած են երկու Պետութիւններու միջեւ կայացած բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դրական ներդրումը` Լաթվիոյ  ընկերութենէն ներս։   Շօշափուած են երկուստեք հետաքրքրող նիւթեր, ինչպէս գաղթականներու հիւրընկալութեան եւ եւրոպայի ապագայի ծրագիրներու հայող հարցերը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.