2017-06-02 13:59:00

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի պատգամը Ռամատանի ամսուան առիթով


(Ռատիօ ՎատիկանՔահանայապետական միջ-կրօնային խորհուրդը, Իսլամներու Ռամատանի ամսուան առիթով, ուրբաթ` 2 յունիս 2017-ին, հրապարակեց պատգամ մը` ուղղուած աշխարհի համայն մահմետականներուն, որուն մէջ  իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեց համայն մահմետականներուն համար հայցելով  հոգեւոր բեղուն պարգեւներ։    

Քահանայապետական միջ-կրօնային խորհուրդի վերոնշեալ պատգամին բանաբնն  է ''Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ. Միասնաբար հասարակաց տան խնամքին համար'',  որուն  միջոցաւ քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարդինալ Ժան Լուի Թորան,  Ռամատանի ամսուան  առիթով­, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը կ՝ապահովէ համայն  մահմետականներուն։                 

Պատգամին  նիւթը,  որպէս  ներշնչումի աղբիւր ունեցած է  Ֆրանչիսկոս Պապին ''Գովեալ ըլլաս''՝ հասարակած տան խնամքի հայող շրջաբերական թուղթը   որ ուղղուած է  ոչ միայն կաթողիկէներուն եւ քրիստոնեաներու այլ համայն մարդկութեան։ 

Պատգամին մէջ նշուած  է  թէ Ֆրանչիսկոս Պապին համար,  աշխարհը հասարակաց տուն է,   որ կը պատկանի համայն մարդկութեան։ Հետեւաբար, ոչ մի անհատ, ոչ մի ազգ կամ ժողովուրդ կրնայ  իր իւրայատուկ ամբողջական ըմբռնումը պարտադրել տիեզերքին։  Ասոր համար, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր կ՝ուղղէ վերանորոգելու երկխօսութիւնը, տիեզերքի ապագային կառուցման առնչութեամբ,  եւ կը յիշեցնէ թէ  բնապահպանութեան տագնապը կոչ մըն է ներքնապէս դարձի գալու։     

Քահանայապետական միջ-կրօնային խորհուրդը, պատգամը աւարտած է, մաղթանք  յայտնելով  որ Ռամատանի ծոմի պահեցողութենէն  բխած կրօնային խոկումներն  ու օրհնութիւնները,  կարենան  բոլոր մահմետականները պահպանել խաղաղութեան ուղիին վրայ, ինչպէս նաեւ անոնք կարողութիւնը ունենան խնամելու մարդկային համայն ընտանիքի անդամներն ու ամբողջ արարչութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.