2017-06-01 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կղերի Ժողովի տարեկան հաւաքի մասնակիցներուն պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 1 յունիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Կղերի Ժողովի լիանիստ գումարի մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին սկիզբը  ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ կարենալ զրուցելուն համար, յատկապէս շեշտը դնելով վերջերս հրապարակուած   '' Ratio Fundamentalis'' փաստաթուղթին վրայ, որ կը խօսի` աշակերտ միսիոնարներու համապարփակ կազմաւորումի մասին։

''Միաժամանակ առինքնող ու պահանջկոտ ճանապարհ մը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածելով վերոնշեալ երկու երեւոյթներու մասին. Կոչումի հմայքի ու այդ կոչումի յանձնառու պահանջներուն մասին։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց երիտասարդ քահանաներու մասին, հաստատելով թէ երիտասարդները լի են կորովով ու շատ անգամ դիտուած են մակերեսային կերպով, որպէս առանց գորովի ու իտէալներու սերունդ մը, սակայն, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս մէկը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ երիտասարդները նկատելու անձինք` որոնք գիտեն  վճռակամ օրէն ներգրաւել կեանքը ու իրենց հայեացքը ուղղել դէպի ապագան, ըլլալով ստեղծագործ, արի, եւ վեհանձն` զօրակցութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան իտէալներուն նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա սուրբ գիրքին մէջ պարունակուած երիտասարդ Սամուէլ մարգարէի կոչումին ինչպէս նաեւ Դաւիթ Թագաւորի կոչումին, հակառակ անոր փոքրիկ տարիքին, եւ ընգծեց թէ Աւետարաններու մէջ եւս Տէրը առաքելութիւն կը վստահի երիտասարդներու, հիմնուելով ոչ թէ անոնց մարդկային մեծութեան եւ ուժին վրայ այլեւ անոնց տրամադրութեան` թոյլ տալու որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ զանոնք։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ ներկայացուց երիտասարդ քահանաներու յատկացուած երեք կարեւոր վերաբերմունքներ. առանց յոգնելու աղօթք, միշտ ուղեւորութեան մէջ ու սրտանց բաժնեկցութիւն։

Առանց յոգնելու աղօթք։ Մարդերու որսորդ դառնալու համար հարկաւոր է որ նախ եւ առաջ ճանչնանք թէ մենք առաջինները եղանք որոնք ''որս'' դարձանք Տիրոջ քնքշութեան։ Մեր կոչումը սկսաւ երբ լսեցինք այն Ձայնը որ թռթռացուց մեր սիրտը ու թողուցինք մեր ուռկանները խարսխուելու համար Վարդապետի ուռկաններուն։ Եթէ կառչած  չմնանք Անոր մեր ''ձկնորսութիւնը'' անյաջող կ՛ըլլայ։ Առ այդ հարկաւոր է ամէն օր աղօթել։ Կանգ առնել ու մտիկ ընել Աստուծոյ Խօսքին։ Աղօթքը Տիրոջ հետ յարաբերութիւն է, ու մեր հոգեւոր կեանքի դարմանն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''Քահանան ինքզինք եւ ուրիշները կը սրբացնէ, յատկապէս քարոզութեան ու խորհուրդներու մատակարարումի միջոցաւ։

Մշտապէս քալել. որովհետեւ քահանայ մը միշտ կը մնայ աշակերտ, որ որպէս ուխտաւոր կը քալէ Աւետարանի ու կեանքի ճանապարհին վրայ։ Ան կարող չէ ինքզինք գոհունակ զգալ ու ասոր համար պէտք է միշտ կազմաւորումի մէջ ըլլայ, որպէսզի բաց ըլլայ Աստուծոյ անակնկալներուն եւ իր այս ուղեւորութեան մէջ յաճախելու է հաղորդակցութեան վայրերը, որտեղ կը գտնէ դիմագիծեր, պատմութիւններ, հարցումներ, այնտեղ զարգացնելով յարաբերութեան կարողութիւնները ու հաւատքի հռչակումը։

Ապա բաժնեկցութիւնը սրտի միջոցաւ։ Քահանայական կեանքը ''դիւանակալական'' գրասենեակ մը չէ եւ ոչ ալ եկեղեցական ու կրօնական գործողութիւններու պարտականութիւն։ Քահանայ կը նշանակէ` կեանքը նուիրել Տիրոջ ու եղբայրներուն, ժամանակ յատկացնելով ունկնդրութեան եւ ուրիշներու վէրքերու դարմանումին ու բոլորին նուիրելով Հօր Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Այս բաժնեկցութիւնը կարելի է ապրիլ յատկապէս նաեւ երիտասարդներուն հետ, յարեց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով անսալ երիտասարդներու հարցումներուն ու շօշափելի կերպով մասնակցիլ անոնց կեանքի իրադարձութիւններուն։ ''Երիտասարդները կարիքը չունին ''սրբազանութեան մասնագէտի'' մը, անոնք հրապուրուած են այն անձով որ մասնակից է իրենց կեանքին ու զանոնք սիրով կ՛ունդներէ։ Սիրտ մը` լի սիրով եւ կարեկցութեամբ։

Աղօթել առանց յոգնելու, քալել յարատեւօրէն ու բաժնեկցիլ սիրով, կը նշանակէ ապրիլ քահանայական կեանքը. Դիւրին պարտականութիւն մը չէ սակայն կարելի ի գործ դնել զայն որովհետեւ Տէրն է որ միշտ կը կանխէ մեր քայլերը։ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ աղօթեց առանց յոգնելու, քալեց իր Որդւոյն ետեւ ու իր կեանքը բաժնեկցեցաւ խաչին ոտքին, թող մեզ առաջնորդէ ու բարեխօսէ մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.