2017-05-31 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչական յարձակումին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 31 մայիս 2017-ին, Աֆղանիստանի Քապուլ մայրաքաղաքի մէջ գտնուող  դիւանագէտներու տարածքին տեղի ունեցող ահաբեկչական  արարքին ի լուր, որ պատճառած է 90 մեռաելներ ու 400-է աւելի վիրաւորներ, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց,  յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն  մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան խորին տխրութիւնը ինչպէս նաեւ անոր ցաւակցական զգացումները Քապուլի մէջ ահաբեկչական արարքին զոհ գացած մեռեալներու եւ վիրաւորներուն համար։

''Ֆրանչիսկոս Պապ  զոհերու հոգիները կը յանձնէ Ամենակալի ողորմութեան, Աֆղանիստանի ժողովուդրին  ապահովեցնելով իր աղօթքները երկրին խաղաղութեան   համար'', գրած է կարդինալ Փարոլին վերոնշեալ ցաւակցական հեռագիրին աւարտին։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.