2017-05-30 12:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 30 մայիսի քարոզը. ՝՝Բարի հովիւը կը հնազանդի Սուրբ Հոգիին՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 30 մայիս 2017-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ խօսեցաւ  բարի հովիւին մասին, որ գիտէ բարեացակամ կերպով հրաժեշտ առնել իր հօտէն, որովհետեւ ինքզինք չի նկատեր պատմութեան կեդրոն, այլ ինքզինք  կը զգայ  ազատ մարդ, որ ծառայեց՝  առանց փոխզիջումներու եւ առանց ինքզինք իր  հօտին սեփականատէրը զգալու։

Ներշնչուելով  Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ քաղուած Գործ Առաքելոց գիրքէն, ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի մասին, որ հրաժեշտ կ՝առնէ իր կողմէ հիմնած Եփեսացիներուն եկեղեցիէն, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց Սուրբ Պօղոսի երեք կեցուածքներ։   

Առաջին, Սուրբ Պօղոս  ''երբեք չընկրկեցաւ'' եւ փոխզիջումներ չկատարեց,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ հովիւ մը իր հօտէն հրաժեշտ առնելու պահուն  անդորրութիւն կը  զգայ մանաւանդ երբ կը յիշէ թէ փոխզիջումներու չենթարկուեցաւ։  

Երկրորդ ՝ Սուրբ Պօղոս  հնազանդ գտնուեցաւ  Սուրբ Հոգիին,  Ան  յառաջ գնաց,  առանց գիտնալու թէ ապագան ինչ վերապահած է իրեն,  ըսաւ Սրբազան հայրը աւեցնելով, որ Սուրբ Պօղոս հնազանդեցաւ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ Ան  երբեք ինքզինք իր հօտին սեփականատէրը չզգաց եւ ոչ մի բան ունէր որպէս սեփականութիւն։

Երրորդ, Սուրբ Պօղոս ինքզինք երբեք չի համարեց պատմութեան կեդրոնը, այլ ինքզինք միշտ նկատեց  որպէս  ծառայ,  բաց սրտով հնազանդելով Աստուծոյ կամքին ու կոչումին ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  եւ առաջարկեց ներկաներուն  Սուրբ Պօղոսը ունենալ որպէս տիպար, ապա հրաւիրեց '' աղօթել հովիւներուն, ժողովրդապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն համար, որպէսզի անոնց կեանքը ըլլայ զուրկ փոխզիջումներէ, ընթացքի մէջ  կեանք մը, ուր անոնք  իրենք զիրենք պատմութեան կեդրոն չնկատեն այլ սորվին հրաժեշտ առնել։'' Աղօթենք մեր հովիւներուն համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.