2017-05-30 09:27:00

Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս Զուարթնոցի մէջ


Հայկական եւ համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն եւ ուրոյն տեղ զբաղցուցած Մխիթարեան միաբանութիւնը այս տարի պիտի նշէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի մուտք գործելուն 300-ամեակը:

Մխիթար Սեբաստացիի, ինչպէս նաեւ միաբանութեան գործունէութիւնը հանրութեան լայն շրջանակներուն ներկայացնելու ու հանրահռչակելու նպատակով՝ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի (պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն) տնօրէնութիւնը նախաձեռնած է Սեպտեմբեր 21-ին «Զուարթնոց» պատմամշակութային-արգելոց թանգարանին մէջ բանալ «Ձայն տուր, ով կղզեակ» խորագիրով ցուցահանդէս:

Հոգեւոր, ուսումնակրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը հիմնադրած է Մխիթար Սեբաստացին` 1701-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: 1717-ին միաբանութիւնը հաստատուած է Վենետիկի մերձակայ Սբ. Ղազար կղզիին մէջ` վերածելով զայն իւրայատուկ ոգեղէն Հայաստանի` կեանքի կոչելով Մխիթարեան միաբանութեան կարգախօսը` «Ի փառս Աստուծոյ եւ յանուն լուսաւորութեան ազգի մերոյ»:

ՊՈԱԿ-ի կայքին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Էլմիրա Եսայեան՝ Վենետիկ մէկշաբաթեայ գործուղման ընթացքին ծանօթացած է արխիւային հարուստ ու հետաքրքրական նիւթերու:

Նախանշուող ցուցադրութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով՝ «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեան հանդիպած է Հայաստանի Մխիթարեան կրթահամալիրի պատասխանատու Հայր Եղիայի հետ, քննարկած ցուցադրութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն, արխիւային ու բնագիր նիւթերուն առնչուող հարցեր:

ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը խօսած է Մխիթարեան միաբանութեան արխիւային հարուստ նիւթերու որոշ մասը ցուցադրութեան ներկայացնելու, մասնաւորապէս` միաբանութեան կազմաւորման վերաբերող հռչակագիրին, միաբանութեան մէջ ուսանած ու աշխատած նշանաւոր մարդոց, օտար հանճարներու բնագիր նիւթերուն, անձնական իրերուն եւ այլնի մասին:

Հայր Եղիան պատրաստակամութիւն յայտնած է ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու բաժինին հետ համատեղ աշխատելու՝ իւրաքանչիւր նիւթի մշակման, հաւաքման ուղղութեամբ: Անոր խօսքով, ցուցադրութեան ներկայացուելիք արխիւային նիւթերուն համար ալ հարկ պիտի ըլլայ գրութեամբ դիմելու Վենետիկ` Մխիթարեան միաբանութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.