2017-05-28 07:33:00

Մարեմեան Ամիս. Զմմառու ցաւագին Տիրամայրը։


Լիբանան` Միջերկրական ծովէն 960 մեթր բարձրութեան վրայ, դալարագեղ անտառոտ, ժայռոտ լեռներու` ծովահայեաց գագաթներու վրայ «Գեսրուանի», կը տիրապետէ Արծիւեան Զմմառեան Միաբաններու վանքը` երկուհարիւր յիսունամեայ ամրոցը` Հայ Կաթողիկէ Կղերի:

Գեղատեսիլ այն լայնատարած բնութեան առանձնութեան` խոր լռութեան եւ Աղօթքի մէջ խորասուզուած իմաստասէր հոգեւորականներ` կը մարզուին Աւետարանելու Աստուածահաճոյ վսեմ առաքելութեան. նոյնպէս հոն կը հրահանգուին երիտասարդներ, պատանիներ` որոնք պիտի հետեւին աստուածային կոչին, այդ ռահվիրաներու օրինակին` նուիրումին:

Երկուհարիւրյիսնամեայ, «Արծիւներու»`  քարաշէն վանքը` բերդն այն այնքան պերճախօս եւ զգայուն: Ան լուռ կը կրէ դարաւոր տառապանքը Հայուն, անխորտակելի հաւատքը` մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն` հաւատքը Քրիստոսի` ժառանգ թողուած ներկայ ու յաջորդ սերունդներու սէրն ու փարումը Տիրամօր` Սուրբ Կոյսի:

Նոյնպէս այդ բարձունքին վրայ, այդ բերդին` «Արծիւներու բոյնին»` զոյգ մը տաճարներ «Վերափոխման Սուրբ Կոյսին» եւ անոր կից մատուռ մը այնքան գրաւիչ, առինքնող ու խօսուն` նուիրուած «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր» Սուրբ Կոյսին: Փորձել նկարագրել  Տիրամայրն այն` այնքան է դժուար... եւ ըսես հեղինակը` անծանօթ: Սա իսկապէս «Pieta»¬ն է իր գոյներով, գիծերով, ապրումներով ... այնքան ձգողական, մայրենի ու հաղորդական...:

Լիբանանու Հայութեան համար, բացի Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութենէն` Ուխտի բացառիկ օր է Օգոստոս 15-ը Սուրբ Կոյսին Վերափոխման օրը...բազմահարիւր ուխտաւոր հայ կամ օտար կը փութան Զմմառ` Աղօթքով... երախտագիտական սրտի արտայայտութիւններով` ակնկալուած, ընդունած շնորհքներուն փոխարէն...:

Զմմառու Վանքը, երկու սրբավայրերով ձգողական, առինքնող ուժ ունի յատկապէս Լիբանանահայերու` ինչպէս շրջակայ բոլոր Քրիստոնեայ շրջապատի:

«Զմմառու Տիրամայր, Աղօթեա՛ վասն մեր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.