2017-05-27 09:20:00

28 Մայիս 2017-ին կը նշուի ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 28 Մայիս 2017-ին կը նշուի ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Մի վախենար, որովհետեւ ես քեզ հետ եմ''(Եսայի 42,5) Յոյս ու վստահութիւն հաղորդել մեր ժամանակներուն''։ 

Նշենք թէ  Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրը ամէն տարի կը զուգադիպի Պենտեկոստէի կիրակիէն մէկ կիրակի առաջ։ Այդ օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի կողմէ, 1963-ին` ''Ինթեր Միրիֆիքա'' հրամանագիրով։

Հաղորդակցութեան միջոցներու մատչելիութիւնը, ճարտարարուեստի զարգացումի բերումով, կարելի դարձուց որ բազմաթիւ մարդիկ կարենան լուրերը կիսել անմիջական կերպով, ու զանոնք շրջանառութեան մէջ դնել համատարած կերպով։ Այդ լուրերը կարող են գեղեցիկ ու գէշ կամ շիտակ եւ սուտ ըլլալ – նկատել տուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրուան առթիւ, անցեալ 24 Յունուար 2017-ին հրապարակած պատգամին մէջ քաջալերելով բոլոր անոնք որոնք  մասնագիտական  կամ անձնական յարաբերութիւններու  ծիրէն ներս, ամէն օր կը  ''մաղեն'' բազմաթիւ տեղեկութիւններ, ու խրախուսելով զարգացնել կառուցողական հաղորդակցութեան մը` որ մերժէ ուրիշներու նկատմամբ նախապաշարումները ու յառաջացնէ հանդիպումի մշակոյթ մը` ''որուն շնորհիւ կարելի է վստահելի գիտակցութեամբ դիտել իրականութիւնը'' կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ հաղորդակցութեան համակարգի մը մէջ ուր բարի լուրը` առինքնող չի նկատուիր ու ցաւին ողբերգութիւնն ու չարին խորհուրդը աւելի դիտարժան կը  համարուին, ''կարող ենք իյնալ մեր խիղճը անզգայ դարձնելու փորձութեան մէջ, ու մատնուիլ վհատութեան''։

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայացնէ առաջարկներ բաց ու ստեղծագործ հաղորդակցութեան մը` որ միայն չարը դերակատար չի դարձներ այլ կը փորձէ նաեւ լուծումներ որոնել ու ''բարի լուրի'' տրամաբանութեամբ լուրեր ընծայել։

 

''Մարդուն կեանքը պատմութիւն է կը գրէ  Սրբազան Քահանայապետը եւ այդ պատմութեան իրականութիւնը միայնակ նշանակութիւն չունի` այլ կախեալ է այն ''հայեացքէն'' որ կը դիտէ զայն եւ այն ''ակնոցներէն'' զոր կ՛ընտրենք, որպէսզի նայինք անոր։

Մեզի քրիստոնեաներուս համար յարմար ակնոցներ կարող են ըլլալ ''բարի լուրի'' ակնոցները` մեկնելով  ''Յիսուս Քրիստոսի` Աստուծոյ Որդոյն Աւետարանէն'' որ մեծագոյն բարի լուրն է։

''Յիսուսի բարի աւետիսը բարի է ոչ թէ որովհետեւ այնտեղ չկան տառապանք ու ցաւ այլ որովհետեւ այդ տառապանքը ապրուած է աւելի ընդարձակ շրջագիծի մէջ ու դարձած անբաժանելի մաս Յիսուսի սիրոյն` Հօր ու մարդկութեան նկատմամբ'' կը գրէ Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով Եսայի մարգարէէն առնուած խօսքին վրայ. ''Մի Վախնար որովհետեւ ես քու հետդ եմ''։

Ասոնք մխիթարիչ խօսքերն են Աստուծոյ մը որ իր ժողովուրդի պատմութեան մաս կը կազմէ։ Իր Միածին որդոյն մէջ Աստուծոյ մարդկութեան տուած խոստումը կը դառնայ մեզի համար յոյս, յոյս մը որ յուսախաբ չի թողուր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սրտերը լիացուց ու նոր կեանք պարգեւեց։ Այս լուսարձակին տակ ամէն մէկ ողբերգութիւն որ կը պատահի աշխարհին մէջ, կարող է դառնալ ''բարի լուրի'' հնարաւոր տեսարան, որովհետեւ սէրը կարող է միշտ գտնել մօտիկութեան ճանապարհը ու հրահրել սրտեր որոնք կարող են յուզուիլ, եւ դէմքեր որոնք կարող են չվհատիլ, ու ձեռքեր որոնք պատրաստ են միշտ կառուցելու։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատելով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր մէջ է որպէս թաքուն սերմ մը, կը նշէ թէ` ան որ ունի  Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ յստակացած տեսողութիւն, կարող է տեսնել սերմին աճումը ու թոյլ չտալ որ Թագաւորութեան ուրախութիւնը յափշտակեն իրմէ` որոմի ներկայութեան պատճառաւ։

''Այն որ հաւատքով թոյլ կու տայ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն կարող կը դառնայ զատորոշել ամէն մէկ իրադրութիւն, անոր մէջ տեսնելով փրկութեան պատմութիւնը, որուն հիմնական հիւսուածքը յոյսն է եւ զայն հիւսողը Սուրբ Հոգին է''  կը գրէ Ֆրանչիսոս Պապը պատգամի աւարտին հրաւէր ուղղելով միշտ վստահելու ու դիմելու Սուրբ Հոգիին, որ կը յայտնուի կենդանի բազմաթիւ ''միջոցներու'' ու մարդոց միջոցաւ, որոնք առաջնորդուած են Բարի Լուրէն ու կը ներկայանան որպէս փարոսներ` այս աշխարհի խաւարին մէջ, լուսաւորելով երթը ու բանալով յոյսի եւ վստահութեան նոր ուղիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.