2017-05-26 13:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ''Սիրոյ Փոքրիկ միսիոնար քոյրերու'' միաբանութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, Վատիկանի  Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սիրոյ Փոքրիկ  միսիոնար քոյրերու'' միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Միաբանութեան հիմնական կոչումին,  որ է ծառայութիւն եւ եղբայրսիրութիւն, յատկապէս աղքատներուն եւ ամենէն տկարներուն նկատմամբ, ապա  յանուն եկեղեցւոյ  եւ  աղքատներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց  միաբանութեան անդամներուն, անոնց  տածած հովուական ծառայութեան՝ դպրոցներուն եւ ծերանոցներուն եւ այլ բնագաւառներէն ներս։  

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց մայրապետները, դառնալու առանց սահմաններու առաքեալներ, բոլորին ցուցաբերելու Աստուծոյ սիրոյ գեղեցկութիւնը, որ կը յայտնուի Քրիստոսի ողորմած դիմագիծին մէջ ։

Խօսելով  Եկեղեցւոյ  առաքելութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,  թէ անիկա կը ծնի Քրիստոսի հետ հանդիպումէն։  Յիսուս Ւնքն է որ կը մեզ կը կանչէ եւ բոլորս առաքելութեան կ՝ուղարկէ ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ  ՝՝Եկեղեցւոյ միսիոնարականութեան կեդրոնը Յիսուսն է՝՝։ 

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ  միսիոնարներուն յատկութիւններուն ըսելով. ''Միսիոնարը պէտք է համարձակ եւ ստեղծագործ  ըլլայ, պէտք է որ վերաքննէ եւ մտածէ իր կէտնպատակներուն մասին,  առաքելութեան ձեւերու ու ապրելակերպին մասին''։ Նորին Սրբութիւնը  հուսկ դիտել տուաւ-  որ կ՝ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ,  ուր անհրաժեշտ է ամէն   ինչ վերատեսել Սուրբ Հոգիին խնդրանքին լոյսին ներքեւ ու վերահաստատեց թէ  ''Միսիոնարը պէտք է ըլլայ ազատ անձ մը, որ կաշկանդուած չ՝ըլլայ սեփականութիւններու'' մատնանշելով, թէ  ''հանգստաւէտ կեանքը, աշխարհիկութիւնը, ծուլութիւնը, ուժեր  են որոնք միսիոնարին  արգելք կը հանդիսանան  դէպի դուրս ելլելու, մեկնելու , ուղեւորութեան մէջ գտնուելու,  կիսելու համար Աւետարանի պարգեւը''։

Միսիոնարին մէջ  պէտք է  բնակի սուրբ Հոգին, ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ, որովհետեւ սուրբ Հոգին է  որ առաքեալներու յիշել կու տայ  Յիսուսին ըսածները,  Սուրբ Հոգին է որ կ՝առաջնորդէ դէպի ճշմարտութեան լիութիւն , Յիսուսի վկաները դառնալու։ 

''Միսիոնարը պէտք է ապրի Քրիստոսի վրայ հիմնուած հոգեւորականութեամբ, հիմնուած Աստուծոյ խօսքին եւ ծէսին վրայ։ Ան պէտք է  ըլլայ ողորմութեան մարգարէ''  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Միսիոնար փոքրիկ քոյրերուն յորդորեց ու քաջալերեց մշակել իրարու միջեւ հանդիպումի հոգին, ընտանիքի եւ համագործակցութեան հոգին,  հուսկ  խօսքը եզրափակեց  ծառայութեան որպէս տիպար առաջարկելով`  Տիրամօր Եղիսաբեթի տուած այցելութեան սրբանկարը,  ապա հրաւիրեց ուրախութեամբ երգելու Մեծացուսցէն ու ամէն մէկ արարածի վերապահուած Աստուծոյ սէրը։  Ժամանակակից մարդոց եւ կիներուն  աւետեցէք  որ Աստուած սէր է  կարող Զինք փնտռող սիրտը լիացնել, թոյլ տալով Ւրեն հետ հանդիպիլ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.