2017-05-26 08:31:00

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց Սուրբ Նիկողայոսի հին սրբանկար մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի արտօնութեամբ, անցեալ Կիրակի 21 մայիս  2017-ին, Սուրբ Նիկողայոսի մասունքները , ժամանակաւոր կերպով, Պարի քաղաքէն, առաջին անգամուայ համար փոխադրուեցան Ռուսաստան , ուր կը մնայ մինչեւ 28 յուլիս 2017, եւ ուր Ռուս հաւատացեալները պիտի կարենան  մեծարել եւ յարգանքի տուրք մատուցանեն իրենց կողմէ  շատ սիրուած ու մեծարուած  սուրբին։

Այս գեղեցիկ պատմական դէպքին հետեւանքով,  հինգշաբթի, 24 մայիս 2017-ին, համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն ուղարկեց  նուէր մը՝ Սուրբ Նիկողայոսի հին սրբապատկերը։ Կիւրեղ պատրիարքին նուէրը յանձնեց  Պարի-Պիթոնթօ թեմի Ֆրանչեսքօ Քաքուչչի արքեպիսկոպոսը որ Կիւրեղ Պատրիարքին հետ  միասին ներկայ գտնուած էր, Մոսկուայի Քրիստոս Փրկիչ տաճարին մէջ , Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներու  զետեղումին  հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան ընթացքին։

Ւտալական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին, Ռուսիոյ  Կիւրեղ Պատրիարքը անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ սոյն ժեսթին յայտնած է.

՝՝Այս դժուար պահերուն, որ բնորոշուած են  բախումներով եւ միջազգային միշտ աւելի խիստ յարաբերութիւններով,  մշակութային եւ հոգեւոր համագործակցութիւնը, լաւագոյն միջոցներէն մին է,   որոնցմէ  եկեղեցին օգուտ քաղելով կրնայ նպաստել ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութեան  վերացումին>>։  Ռուսիոյ Պատրիարքը ապա աւելցուցած է  թէ` <<Ռուսիան եւ Ւտալիան  հսկայ մշակութային ժառանգութիւն մը ունին՝  որ կազմուած է  ժողովուրդին  քրիստոնէական հաւատքին ազդեցութեան  տակ  եւ ոչ մի կերպով պէտք է  մեր մշակութային երկխօսութեան հիմքը կորսնցնենք։

 

Ռուսիոյ Պատրիարքը, Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներուն  ժամանակաւոր փոխադրութիւնը դէպի Ռուսաստան նկատած է , որպէս  ուրախ ձեռնարկ, որ արդիւնքն է  Քուպայի մէջ Իր եւ Ֆրանչիսկոս Պապի  միջեւ կայացած հանդիպումին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.